2014-ի Առաջին Օրուան Առաջին Ժամերուն Հալէպի Հայահոծ Շրջաններուն Մէջ Տասնեակ Հրասանդներ Եւ Հրթիռներ Աւեր Գործեցին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/14847351.jpg)
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Նոր տարին, Սուրիոյ մէջ դիմաւորուեցաւ տարբեր մթնոլորտի մէջ, քան ինչ որ կը տիրէ ամբողջ աշխարհի մէջ:
Սուրիա ապրողները եւ յատկապէս հալէպցիք ու մանաւանդ հայահոծ թաղերու բնակիչները մտահոգութեամբ, սակայն զգօն վիճակի մէջ կը պատրաստուէին լուրջ ժամեր դիմագրաւելու, արդէն չուշացաւ Նոր տարուան առաջին ժամերուն հրասանդներու ու հրթիռներու տեղատարափը:
Մէկ կողմէ հրասանդներ եւ հրթիռներ կ՛արձակուէին հայկական թաղամասերուն ուղղութեամբ, իսկ միւս կողմէ մերթ ընդ մերթ կը լսուէին տարբեր զէնքերու հրաձգութեան եւ ռումբերու ահեղ ձայներ:
Հետեւաբար, հալէպցիք 2014-ը դիմաւորեցին հրասանդներով եւ զանազան հրթիռներով: Բարեբախտաբար ֆիզիքական լուրջ վնասներ չարձանագրուեցան, միայն կատարուեցաւ քանդում եւ աւեր, արձանագրուեցան կարգ մը բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու տարբեր աստիճանի վնասներ:
Ամբողջ Հալէպի ելեկտրականութեան հոսանքը երկու օր ամբողջովին անջատուած էր, իսկ կարգ մը շրջաններ ալ ջուրի լուրջ տագնապ կը դիմագրաւէին: 1 յունուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 9:30-ին ելեկտրականութիւնը մօտ երկու ժամ միացաւ, իսկ ջրամատակարարումը կարգ մը տեղեր վերսկսաւ աստիճանաբար վերականգնիլ: