Բաբգէն Տէր Գրիգորեան Դիմաւորեց Լոս Անճելըսի Հայկական Դպրոցի Աշակերտները
20 տարի առաջ էր, երբ Լոս Անճելըսի «Վահան եւ Անոյշ Շամլեան» դպրոցի տնօրինութիւնը որոշեց դպրոցի աշակերտները բերել Հայաստան: Այսօր արդէն սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան այն ժամանակ առաջիններէն էր, որ դպրոցի կազմին մէջ եկաւ հայրենիք, այցէն ետք սկսաւ մտածել հայրենադարձուելու մասին:
Շաբաթ օրը` ապրիլ 13-ին, «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Տէր Գրիգորեան դիմաւորեց հարազատ դպրոցի աշակերտները, որոնք 12 օրուայ ընթացքին պիտի շրջին Հայաստանի մէջ ու պիտի ծանօթանան հայկական մշակոյթին:
Ողջունելով դպրոցի ուսուցիչները եւ սաները` սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը շատ կարեւոր համարեց նման այցելութիւնները, որոնք թոյլ կու տան Հայաստանը բացայայտել տարբեր կողմերէ: Ըստ անոր` նման նախաձեռնութիւնները յատկապէս էական են փուլային հայրենադարձութեան ծիրէն ներս, երբ դեռ վաղ հասակէն երեխաները կը սկսին մտածել հայրենիքի, անոր հնարաւորութիւններուն եւ հեռանկարներուն մասին: «Վստահ եմ` քանի մը տարի անց հէնց այս պայծառ երիտասարդներէն մաս մը կը յայտնուի Հայաստանի կառավարութեան մէջ»,-նշեց Բաբգէն Տէր Գրիգորեան:
Ան բարձր գնահատեց նաեւ 1975 թուականէն գործող կրթական հաստատութեան ներդրումը հայապահպանութեան, հայեցի դաստիարակութեան, Հայաստան-սփիւռք կապերն ամրապնդելու գործին մէջ: