Ֆիլատելֆիոյ «Մեղրի» Պարախումբի Ամէնամեայ Ձեռնարկը

Յուզիչ է տեսնել  հայ երիտասարդներ, որոնք կը սորվին եւ կը կիրառեն հայկական աւանդոյթները` պարի, երաժշտութեան եւ մշակոյթի միջոցով: Կարեւոր է նաեւ երեխաներու ներգրաւուածութիւնը, որոնք հազարաւոր քիլոմեթրերով հեռու են իրենց հայրենիքէն: Համազգային մշակութային միութիւնը կը հանդիսանայ այն կարեւոր մղիչ ուժը, որ հնարաւորութիւն կու տայ ուժեղացնելու երիտասարդներուն մօտ հայ ըլլալու զգացողութեան հիմքերը:

Վերջերս ԱՄՆ Փենսիլվանիոյ մէջ հարիւրաւոր մարդիկ եկած էին ներկայ գտնուելու Ֆիլատելֆիոյ «Մեղրի» պարախումբի 4-րդ ամէնամեայ ձեռնարկին: Պարախումբի 38 պատանիներուն եւ աղջիկներուն կողմէ ներկայացուեցաւ հարուստ եւ գեղեցիկ ծրագիր: Այն սկսաւ մասնակիցներու տպաւորիչ  բեմելով. «Հայ ենք մենք» երգի ներքոյ պարախումբի անդամները պարեցին դրօշները ձեռքերնին բռնած:

Պարախումբի ամենաերիտասարդ խումբը` «Կոկոն»-ը, գրաւած էր հանդիսատեսի սիրտն իր պարերով, անմեղ ժպիտով եւ գեղեցիկ բեմական հագուստներով:

«Ապագայ» միջին խումբն իսկապէս ապագայ է յաջորդ սերունդին եւ յատկապէս «Մեղրի»-ի համար:  Անոնք կը շարունակեն յաւերժացնել մեր ժառանգութիւնը`   երգերու, պարերու եւ աւանդոյթներու միջոցով:

«Հոյակապ» խումբի մասնագիտական փորձառութիւնն ամբողջական եւ պարզ էր, ինչպէս անոնց հիասքանչ եւ զգացմունքային պարը: Պարախումբի անդամներու կատարելութիւնն առկայ էր իւրաքանչիւր շարժման մէջ:

Երեկոյի ընթացքին Գէորգ Արթինեան, վեց հիասքանչ կատարողներու հետ միասին, ներկայացուց պարային գեղեցիկ կատարում` Սայաթ-Նովայի «Քամանչա»-ի երաժշտութեան ներքոյ, ինչպէս նաեւ աւանդական հայկական քոչարի:

Երեկոյի ընթացքին ներկայացուած պարերը բեմադրուած էին Գագիկ Խաչիկեանի (Հայաստանի Թաթուլ Ալթունեանի անուան պարախումբի ճանչցուած պարուսոյց) եւ Պարգեւ Սանոսեանի կողմէ:

«Մեղրի» խումբի տաղանդաւոր երգիչները հարստացուցին ծրագիրը  քանի մը երգերով:

Համերգը  կարեւոր փորձառութիւն մըն էր, որ արձագանք պիտի գտնէ  բազմաթիւ հայ երիտասարդ պարողներու մօտ:

https://www.facebook.com/pg/MeghryDance/about/?ref=page_internal

Scroll Up