ՄԱԿ-Ի Իրաքեան Գրասենեակի Ընդհանուր Քարտուղարի Այցելութիւնը Առաջնորդարան

Իրաքի մէջ ՄԱԿ-ի Իրաքեան գրասենեակի ընդհանուր քարտուղար՝ Տիար Եան Քոպիչ, 26 Յուլիսի 2018թ.ին, նախապէս պայմանաւորուածութեան համաձայն այցելած է Իրաքի Հայոց Առաջնորդարան: Առաջնորդարանէն ներս հիւրը ընդունած են՝ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Տ. Աւագ արք. Ասատուրեան եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ պրն. Գրիգոր Տէր. Մովսէսեան: «Հայերն այսօր»-ը այս մասին կը տեղեկանայ Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի կայքէջէն iadmc.org:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Իրաքը յուզող հարցեր եւ մասնաւորապէս հայերուն առջեւ ծառացած խնդիրները, կարեւոր համարուած է իրաքահայերուն կողմէ ներկայացուցիչ ունենալը Իրաքի կեդրոնական խորհրդարանին մէջ:
Հանդիպման աւարտին Առաջնորդ Սրբազան հայրը Տիար Եան Քոբիչին նուիրած է «Էջմիածնի Գանձեր» պատկերագիրքը, եւ Առաջնորդին ուղղեկցութեամբ ներկաները այցելած են առաջնորդանիստ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի: