Menu.am-ը Եւ Իր Գործընկեր Ճաշարանները` Սփիւռքի Նախարարութեան Կողքին

ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան օրեր առաջ ուղիղ եթերով յայտարարած էր Menu.am-ի հետ համատեղ գործակցութիւն սկսելու մասին. «Այս համագործակցութեան շնորհիւ պետութիւնը, նախ, միլիոնաւոր դրամներ կը խնայէ, եւ որ աւելի կարեւոր է, մենք անով հիմք կ՛ընդունենք մասնաւորի հետ նոր որակի, փոխվստահութեան  իւրօրինակ համագործակցութեան մշակոյթի մը»,-նշած էր նախարար Հայրապետեան:

Այս գործակցութեան շնորհիւ Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրի անցումային փուլի մասնակիցներու սնունդն կ՛ապահովէ Menu.am սնունդի արագ առաքման ծառայութիւնը:

«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Menu.am-ի տնօրէն Սեւադա Բաղդեան անդրադառնալով Սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութեան` նշեց, որ իրենց ծառայութիւնը մշտապէս մասնակցած է տարբեր ծրագիրներու, բարեգործական նախագիծերու, սակայն սա առաջին դէպքն է, երբ կը համագործակցի Կառավարութեան հետ: «Համամիտ եմ Մխիթար Հայրապետեանի հետ: Գործարար ոլորտն ու պետութիւնը պէտք է համագործակցին, որմէ երկուքն ալ կը շահին: Ժամանակն է, որ մասնաւորը եւ պետութիւնը դէմ դիմաց կանգնելու փոխարէն, կանգնին կողք կողքի: Երբ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան դիմեց քաղաքացիներուն` յուլիս ամսուն «Արի տուն» ծրագիրի անցումային փուլի երեխաներուն հիւրընկալելու համար, մենք մտածեցինք, որ հաւանաբար շատերը կը ցանկան իրենց տունը ընդունելու սփիւռքահայ երիտասարդներու, սակայն ծրագիրի ընթացքին հնարաւոր է առաջանան մասնակիցներուն սնունդով ապահովելու դժուարութիւններ: Այդ պատճառով Menu.am-ը որոշեց այդ աշխատանքը վերցնել իր վրայ: Սփիւռքը մեր ամենամեծ ներուժն է, հետեւաբար, այն մշտապէս պիտի զգայ հայրենիքի աջակցութիւնը: Մենք պէտք է փորձենք Հայաստան-Սփիւռք կապի օգտակար գործողութեան գործակիցն առաւելագոյնս բարձրացնել»,-ըսաւ Սեւադա Բաղդեան եւ աւելցուց, որ իրենց աշխատանքին մէջ շատ  կարեւոր կը համարեն նաեւ աջակցութիւնը նոր Կառավարութեան, քանի որ վերջինիս յաջողիլը մեր երկրի յաջողութեան գրաւականն է:

Խօսելով գործընկեր ընկերութիւններու մասին` Սեւադա Բաղդեան նշեց. «Տեղեկանալով Սփիւռքի նախարարութեան հետ Menu.am-ի համագործակցութեան մասին`  քանի մը գործընկեր` «Wok & Roll», «Paraqari Shawarma and Thֆringer Bratwurst Armenia», «TAO» չինական եւ ճափոնական ճաշարան, «Black Angus», «Սիս Նատուրալ» բնական հիւթերու գործարան, ցանկացան միանալ այս գործընթացին, որուն համար շատ շնորհակալ եմ անոնց»:

«Արի տուն» ծրագիրի անցումային փուլին կը մասնակցին պատանիներ ու երիտասարդներ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ, որոնք ունին տարբեր նախասիրութիւններ: Անդրադառնալով անոնց առաջարկուող ճաշացանկին` Սեւադա Բաղդեան նշեց, որ կը փորձեն մատակարարել հնարաւորինս բազմազան ուտեստներ` շեշտը դնելով հայկական խոհանոցին վրայ: «Մենք մշտապէս յետադարձ կապի միջոցով կը տեղեկանանք երեխաներու կարծիքներու եւ ցանկութիւններու մասին: Այս պահուն որեւէ դժգոհութիւններ չունինք, բոլորը գոհ են»,- ըսաւ Սեւադա Բաղդեան:

Զրոյցի աւարտին այն հարցին, թէ այլ համագործակցութիւն Սփիւռքի նախարարութեան հետ կը նախատեսուի, Սեւադա Բաղդեան պատասխանեց. «Այս պահուն «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս է, յետագային մենք պատրաստ ենք նոր համագործակցութեան համար»:

 

 

 

 

 

 

 

Scroll Up