Արիս Պապիկեան Դարձաւ Օնթարիոյի Օրէնսդիր Ժողովի Առաջին Հայը
Սիրելի Բարեկամներ, հարազաներ ու ընկերներ՝ Երկա՜ր եւ հեւքոտ վազքէ ետք, տքնաջան աշխատանքի իբր արդար արդիւնք, կու գանք տեղեկացնելու, որ Արիս Պապիկեան կրցաւ ապահովել մեծն Թորոնթոյի Scarborough-Agincourt –ի ընտրաշրջանի MPP նահանգային երեսփոխանի աթոռը:
Երէկ գիշեր խուրներամ համակիրներու եւ հայորդիներու ներկայութեամբ, հետեւեցանք պաստառին վրայ վայրկեանը վայրկեանին թաւալող թուանշաններուն, եւ Հուռա՜-Հուռա բացականչութիւններով ու ծափողջիւններով Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը հաւաքուած զանգուածը ապրեցաւ ցնծութեան եւ հպարտութեան պահեր ի տես այս իրագործումին:
Օտար ափերու մէջ քաղաքական նուաճում արձանագրելը, հպարտանք կը պատճառէ բոլորիս: Արիս ջախջախիչ յաղթանակ արձանագրեց իր մրցակիցներուն վրայ: Այս մէկը իրականացաւ՝ շնորհիւ Արիսի տարիներու վրայ ձեռք բերած քաղաքական կեանքի փորձառութեան եւ իր անդուլ, հետեւողական աշխատանքին: Անշուշտ կարելի չէ աչքաթող ընել, այն մեծ ներդրումը որ ունեցաւ հայկական գաղութը, իր զանազան շերտաւորումներով: Մասնաւորաբար պէտք է ընդգծել հաւաքական աշխատանքի արգասիքը, որ դրսեւորուեցաւ կամաւոր աշխատողներու հոծ փաղանգի նուիրական ճիգերով ու զոհողութիւններով, որուն իբր արդիւնք հասանք այս պատուաբեր պատկերին ու շռնթալից յաղթանակին: Կը մնայ յաջող երթ մաղթել նորընտիր երեսփոխանին՝ Արիս Պապիկեանին, որ գալիք 4 տարիներու վրայ երկարած իր ծառայութիւններով, արժանաւոր արդիւնքներով տանի իրեն վստահուած նոր պետական պատասխանատւութիւնը ու արժանաւոր թարգմանը հանդիսանայ հայ գաղութի զանազան կարիքներուն: Պատիւ բոլոր աջակիցներուն: Մնացէ՛ք միշտ առոյգ ու ներգործօն գաղութային կեանքին մէջ:
Ջերմօրէն՝ Ժան Հալլաճեան