Սուրբ Զատկուան Տօնակատարութիւնը Հրանդ Տինք Վարժարանին ՄԷջ
Մարտ 30-ին Հրանդ Տինք վարժարանի 4-5-րդ դասարանի սաները թատրոնի ուսուցիչ Յարութիւն Գէորգեանի, ուսուցչուհիներ Տոնարա Բեբուրեանի եւ Նարինէ Սողոմոնեանի, Լուսինէ Յարութիւնեանի նախաձեռնութեամբ Զատկուայ տօնին նուիրուած ձեռնարկ մը պատրաստած էին: Սկիզբը ելոյթ ունեցաւ Տէր Շիրվան քահանան, որ բոլոր ներկաներուն ու մասնաւորապէս աշակերտներուն անգամ մը եւս բացատրեց Զատկի խորհուրդը` ըսելով, որ Քրիստոսը լոյս է եւ այդ լոյսը պէտք է ապրի մեր մէջ: Աշակերտները թատերական խաղի միջոցով ներկայացուցին Քրիստոսի յարութիւնը, որուն հետեւեցան տօնի խորհուրդի մեկնութիւնը, բանաստեղծութիւններ, ծիսական երգեր, պար ու խաղ: Տօնական տրամադրութիւնը եւ Զատկի աւանդական սեղանը, որ պատրաստած էին աշակերտներու մայրերը, իւրովի հմայք հաղորդած էին օրուան: Վարժարանի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան շնորհաւորեց աշակերտներն ու ուսուցիչները, որոնք չնայած դժուար շէնքային պայմաններուն, ամէն անգամ պատուով եւ սիրով կը կատարէն իրենց առաքելութիւնը: Չուշացան նաեւ նուէրները, որոնք պատրաստած էին հոգաբարձուներ տէր եւ տիկին Հորոզօղլուները եւ սիրով իրենց որդիին` Կարօտի հետ բաժնեցին աշակերտներուն: Թող տօնի խորհուրդը իմաստաւորուի մեր ընտանիքներուն մէջ եւ արժանի ըլլանք կենդանի Աստուծոյ սիրոյն ու ողորմածութեան:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի: