Կը Շարունակուին Հանդիպումները Սփիւռքահայ Ուսանողներու Հետ

Մարտ 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան, Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան, Սփիւռքահայ ուսանողներու  խորհուրդի հիմնադիր, հոգաբարձուներու խորհուրդի (ՍՈՒԽ) նախագահ Սամուէլ Մկոյեան հանդիպումներ ունեցան երկու համալսարաններու մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ ՍՈՒԽ լրատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Արփի Պետրոսեան:

Մովսէս Խորենացիի անուան համալսարանին մէջ հանդիպման ներկայ  եղած են տնօրէն Արթուր Աղաբաբեան եւ ուսանողական խորհուրդի նախագահ Տիգրան Սարգսեան, իսկ Երեւանի թատրոնի եւ կինոյի պետական հիմնարկին մէջ` ՍՈՒԽ նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Միլէնա Բալդրեան:

 Սամուել Մկոյեան սփիւռքահայ ուսանողներուն ներկայացուցած է ՍՈՒԽ-ի կատարած աշխատանքները եւ յառաջիկային սպասուող ծրագիրները: ԵԹԿՊԻ-ի մէջ այս տարի կ´ուսանին Լիբանանէն, Նիգերիայէն, Սուրիայէն, Ռուսաստանէն եւ Վրաստանէն եկած սփիւռքահայ ուսանողներ:

 «Մենք միշտ պատրաստ ենք ցանկացած հարցով աջակցել ձեզ»,-ուսանողներուն  ըսած է Գագիկ Գեանջումեան` ներկայացնելով Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները: Սփիւռքահայ ուսանողները խօսած են իրենց մտահոգող հարցերու մասին եւ փորձած համատեղ ուժերով լուծումներու ուղիներ գտնել:

Աւելցնենք, որ սփիւռքահայ ուսանողներու հետ հանդիպումները կ´իրականացուին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ  ՍՈՒԽ-ի նախաձեռնութեամբ: Յառաջիկային կը նախատեսուի այցելել Հայաստանի միւս համալսարաններ:

 

 

 

Scroll Up