Ռուսաստանաբնակ Մեր Հայրենակիցները Չեն Մոռնար Սահմանամերձ Չինարին
Ռուսաստանի հայերու միութեան Գրասնոտարի երկրամասի Սոչիի տարածաշրջանային բաժանմունքի նախագահի տեղակալ Մարքոս Քեսեան եւ Խոստայի շրջանի բաժանմունքի նախագահի տեղակալ, գործարար Վալերի Մուրադեան տարեվերջին կրկին Հայաստան եկած էին` Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով այցելելու Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարիի միջնակարգ դպրոցի աշակերտներուն` նուէրներ յանձնելու, ինչպէս նաեւ շնորհաւորելու եւ ուրախացնելու բնակիչներուն: Մարդասիրական այս քայլով անոնք ցոյց կու տան, որ, ապրելով Հայաստանէն հեռու, մտահոգ են սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներով եւ կը կիսեն անոնց դժուարութիւնները:
Դեկտեմբեր 29-ին Մարքոս Քեսեանն ու Վալերի Մուրադեանը, այցելելով սահմանամերձ գիւղ, դպրոցի առաջին դասարանցիներուն յանձնած են բջջային հեռախօսներ, աւարտական դասարանի աշակերտներուն եւ անոնց դասղեկներուն` ուղեգիր` 2018 թուականի ամառնային տասնհինգօրեայ հանգիստը Սոչիի Խոստա ծովափնեայ քաղաքին մէջ անցնելու նպատակով, իսկ երեւանեան համալսարաններուն մէջ ուսանող սոյն դպրոցի երեք շրջանաւարտներու վարձավճարները եւս կը փոխանցէ համայնքը:
Գիւղի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած տօնական ձեռնարկին, որուն ներկայ եղած են Չինարիի գիւղապետ Սամուէլ Սաղոյեան, գիւղի բնակիչներ, ուսուցիչներ եւ այլ հիւրեր, օրհնութեան խօսք ըսած է Տաւուշի մարզի բերդ քաղաքի եւ Բերդի տարածաշրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Արամ քահանայ Միրզոյեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը փոխանցած է նախարարութեան Ռուսաստանի Դաշնութեան, Ուքրանիոյ, Պելառուսիոյ եւ Մոլտովայի հայ համայնքներուն հետ կապերու բաժինի պետ Էտկար Յովսէփեան, հնչած են ազգային երգ ու պար, որ աւելի բարձրացուցած է ներկաներուն տրամադրութիւնը:
«Չինարեցիները, ինչպէս միշտ, մեզի գրկաբաց ընդունեցին: Առհասարակ, շատ կապուած ենք այս գիւղի ազնիւ բնակիչներուն հետ, կարծես` հարազատներ ըլլանք, անհամբերութեամբ կը սպասենք իրար հանդիպելուն: Ձմեռ պապի դերին մէջ այս տարի նոյնպէս Վալերի Մուրադեանը եղած է, որ յաջողեցաւ երեխաներուն ժպիտներ ու ջերմութիւն պարգեւել»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Մարքոս Քեսեան` նշելով, որ այցելութենէն յետոյ տարեմուտի նախաշեմին հոգեպէս իրենք հանգիստ կը զգան:
Վալերի Մուրադեան անդրադարձաւ նաեւ Չինարի այցելութեան նախապատմութեան. «2014 թուականին Հայաստանի մէջ դպրոցական մրցումներուն յաղթած հինգ աշակերտներու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան միջոցով ամառնային արձակուրդներուն հրաւիրած էինք Սոչիի ծովափնեայ Խոստա քաղաք, որոնց մէջ Չինարիէն Ազիզ Մակարեան անունով աղջիկ կար: Երբ երեկոյ մը զրոյցի ընթացքին երեխաներուն հարցուցի, թէ ապագային ինչ մասնագէտ կ’ուզեն դառնալ, Ազիզը հաստատակամօրէն ըսաւ` որոշած է դիպուկահար դառնալ` թշնամիի կրակոցները սաստելու եւ վրէժխնդիր ըլլալու համար, քանի որ այլեւս չեն կրնար հանդուրժել անոնց անհարկի ոտնձգութիւնները:
Տեսնելով յուզուած աղջնակի հոգեվիճակը` շատ ազդուեցայ եւ մօտս միանգամէն միտք յղացաւ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով Չինարի գիւղ այցելել»:
Վալերի Մուրադեան նաեւ ընդգծեց, որ երրորդ անգամ այս առաքելութեամբ չինարեցիներուն հիւր գալէ ետք, վստահաբար, ամէն տարի շարունակական պիտի ըլլան այցելութիւնները, քանի որ սահմանամերձ գիւղին մէջ թշնամիի կրակահերթի տակ ապրող մարդոց, յատկապէս` երեխաներուն, պէտք է միշտ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահել:
Աւելցնենք նաեւ, որ ձեռնարկի աւարտէն յետոյ ռուսաստանաբնակ մեր հայրենակիցները գացած են Չինարիի միջնակարգ դպրոց, շրջած դասարաններով եւ ծանօթացած Սոչիի հայկական համայնքի հովանաւորութեամբ հիմնանորոգուած դպրոցին մէջ իրականացուած աշխատանքներու արդիւնքին:
Գէորգ Չիչեան