Արեւի Երկիր Հայաստանը Ղազախստանի ՄԷջ

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Ղազախստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը հաղորդագրութիւն մը տարածած է այն մասին, որ օգոստոս 16-ին Աստանայի մէջ պիտի իրականացուի Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային օր: Ժամը 15:00-ին «Էքսպո-2017»-ի գլխաւոր բեմէն Արեւի երկիր Հայաստանը կը բանայ իր հիւրընկալ դռները եւ կը ներկայացնէ իր մշակոյթի ողջ երանգապնակը` Արեւելքի հրաշագործ կախարդանքով եւ Եւրոպական հմայքներով ներծծուած: Ցանկացողները հրաւիրատոմսեր կրնան ձեռք բերել դեսպանատունէն:

Իսկ այսօր արդէն Աստանայի մէջ մեկնարկած է «Եւրասիական երաժշտական խաղեր» խորագիրով երաժշտական ձեռնարկը, որ պիտի իրականացուի մինչեւ  օգոստոս 25:  Ձեռնարկին ծիրէն ներս համերգներով հանդէս կու գան թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան, Ա. Խաչատրեանի անուան եռեակը եւ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբը` խմբավար Սերգէյ Սմբատեանի գլխաւորութեամբ: Նարեկ Հախնազարեանի համերգը կը նուիրուի Մ. Ռոստրոպովիչի յիշատակին:

Scroll Up