«Արի Տուն»-ը Աշխարհի Երիտասարդական Լաւագոյն Ծրագիրներէն Է». Նարեկ Ժամհարեան
«Արի տուն-2017» ծրագիրի եւս մէկ փուլ, որուն ճամբարային առօրեային մասնակցող երեխաներէն մէկուն ` Պելճիգայի Քորտրիկ քաղաքէն ծրագիրին մասնակցող 15-ամեայ Նարեկ Ժամհարեանի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:
«Ծնած եմ Հայաստան, երկու տարեկան եղած եմ, երբ մեր ընտանիքը տեղափոխուած է ՊԵլճիգա: Այս ծրագիրին մասին հայրս տեղեկացած էր համացանցէն, հեռուստատեսութեամբ տեսած էինք, եւ ընտանիքս տուաւ իր համաձայնութիւնը` մասնակցելու ծրագիրին: Առաջին անգամ կու գամ Հայաստան: Շատ լաւ առիթ է` ծանօթանալու Հայրենիքի տեսարժան վայրերուն ու աշխարհի տարբեր երկիրներէ ծրագիրին մասնակցող իմ հասակակիցներուս հետ, որոնց հետ հեշտութեամբ կը շփուիմ, որովհետեւ լաւ կը տիրապետեմ թէ՛ մայրենի լեզուիս, թէ՛ ֆրանսերէն, թէ՛ անգլերէն, թէ՛ գերմաներէն լեզուներուն:
Արդէն լաւ ընկերներ ունիմ: Հայաստանի տեսարժան շատ վայրեր այցելած ենք, սակայն ամէնէն աւելի տպաւորուած եմ Սեւանով, սակայն կարգին լողալ չյաջողեցայ. Մէյ մը հագուստներով մտայ ջուր, զովացայ եւ հիացայ Սեւանի թափանցիկ, մաքուր ջուրով: Մեծերէն լսած եմ, որ շատ տարիներ առաջ Սեւանի քաղցրահամ ջուրը մարդիկ նաեւ խմած են: Շատ գեղեցիկ էր կապուտաչեայ Սեւանը, որուն մասին նաեւ երգեր լսած եմ ու պատմութիւններ: Ճամբարային առօրեան եւս շատ տպաւորիչ է. այստեղ սորվեցանք հայկական պարեր ու հայրենասիրական երգեր: Սա լաւ առիթ մըն է, որպէսզի ի յայտ գան շնորհալի պատանիներն ու աղջիկները. հայերու մէջ միշտ ալ կան ու կ´ըլլան՛ շնորհալիներ, տաղանդաւորներ: «Արի տուն» ճամբարը ատոր համար լաւագոյն հարթակներէն մէկն է: Այս ծրագիրը ոչ միայն հայրենաճանաչողական է, այլեւ` մարդասիրական. շնորհակալութիւ՛ն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, բոլոր կազմակերպիչներուն, ուսուցիչներուն: Սա աշխարհի երիտասարդական լաւագոյն ծրագիրներէն է եւ ցանկալի է, որ այն շարունակական ըլլայ ու զարգացում ունենայ»:
Զրուցեց Կարինէ Աւագեան