«Սիրահարուած Եմ Մոսկուա Ապրող Աղջկայ Մը». «Արի Տուն-2017» Ծրագիրի Մասնակից

18-ամեայ Վալերա Առաքէլեան կ’ապրի Ուզպեկստանի Սամարղանտ քաղաքին մէջ: Երկրորդ անգամ կ’այցելէ Հայաստան: Առաջին անգամ ընտանիքին հետ եկած է, որուն ընթացքին նաեւ Արցախ այցելած է: Սակայն «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կը խոստովանի, որ այս այցը յատկանշական է իրեն համար, քանի որ հնարաւորութիւն ունեցաւ այցելելու Հայաստանի պատմական վայրերը եւ յուշարձանները, սորվելու ատոնց պատմութիւնը.
– Տատիկս ծնած է Ուզպեկստան եւ, ցաւօք, սերունդէ սերունդ մենք կորսնցուցած ենք մայրենին: Սակայն ես կը ծրագրեմ յաջորդ տարի վերադառնալ Հայաստան եւ մասնակցիլ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի հայերէնի դասընթացներուն` հայերէնս բարելաւելու նպատակով:
Սամարղանտի հայկական համայնքը բաւականին մեծ է: Կ’ապրինք դուրսը, սակայն չենք մոռնար Հայաստանը, ամէն կերպ կը փորձենք ֆինանսապէս օգնել հայրենիքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն: Մեր համայնքէն շատերը կը մասնակցին «Արի տուն» ծրագիրին եւ վերադառնալով` կը պատմեն, թէ ինչ հրաշալի ծրագիր է: Քանի որ այս տարի վերջին տարին էր (տարիքային սահմանափակման պատճառով), որ ես կրնայի մասնակցիլ, որոշեցի չկորսնցնել հնարաւորութիւնը: Ծրագիրին մասնակցիլը հէնց իմ որոշումս էր. Կը ցանկայի աւելի մօտ ըլլալ իմ հայրենիքիս: Հայաստան իմ տունս է` այն վայրը, ուր ապահով եւ լիարժէք կը զգամ:
Ծրագիրի մասնակիցներուն հետ ծանօթանալուս, ինչպէս նաեւ «Թումօ» ստեղծարար կեդրոն այցելութենէս ետք, ես եւս մէկ անգամ համոզուեցայ, որ հայ մարդու ուժն իր իմաստութեան, խելքին եւ տաղանդին մէջ է: Իւրաքանչիւր հայ, ըլլալով բարի եւ ջերմ, օժտուած է նաեւ տաղանդով եւ յաջողութիւններու հասած է այս կամ այն ոլորտին մէջ. հէնց սա է հայ մարդու մասին իմ պատկերացումս:
Ծրագիրի լաւագոյն մասը հիւրընկալ ընտանիքին հետ ապրիլն էր: Հրաշալի է ապրիլ հայկական միջավայրի մէջ, ապրիլ այն մարդոց հետ, որոնց նախնիները ծնած եւ մեծցած են Հայաստանի մէջ` պահպանելով հայկական աւանդոյթներն ու սովորոյթները:
Ծրագիրը հրաշալի հնարաւորութիւն տուաւ ինծի զարգանալու որպէս անձ: Հանդիպեցայ հայերու գրեթէ ամբողջ աշխարհէն եւ լսելով Թուրքիոյ ու Սուրիոյ մէջ ապրող հայերու դժուարութիւններուն մասին` սրտիս մէջ խոր ցաւ զգացի: Ուզպեկստանի մէջ հայերն ազատ են, մարդիկ կը սիրեն հայերուն եւ լսելով, որ այլ երկիրներ ապրող հայերն այսօր որոշ դժուարութիւններ ունին, չափազանց յուզեց զիս:
Շատ անգամ լսած էի, որ «Արի տուն» ծրագիրը դարձած է բազմաթիւ սիրոյ պատմութիւններու սկիզբ, եւ մասնակիցները ամուսնանալով` վերադարձած են եւ սկսած բնակիլ Հայաստանի մէջ: Անկեղծ ըսեմ, ես ալ սիրահարուած եմ աղջկայ մը, Մոսկուայէն, սակայն մենք կը ցանկանք գալ Հայաստան: Կը ցանկամ, որ երեխաներս ծնին, մեծնան եւ ապրին Հայաստանի մէջ, հայկական միջավայրի մէջ եւ խօսին հայերէն: Շնորհակալութիւն Հայաստան: Շնորհակալութիւն Սփիւռքի նախարարութեան այսպիսի հնարաւորութիւն ընձեռելու համար:
Մերի Աղաջանեան
ԵՊՀ ռոմանագերմանական բանասիրութեան բաժանմունքի 4-րդ կարգի ուսոնողուհի