«Հայրենիքը Կը Սկսի Սահմանէն, Սահմանապահ Գիւղէն». Սփիւռքի Նախարար

Յուլիս 21-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Կլենտէլի «Հայ արծիւներ» հիմնադրամին մէջ համախմբուած երիտասարդները` Անդրանիկ Պալոյեանը, Վահրամ Շալվարձեանը, Արաքս Գալստեանը եւ Հայաստանի «Սահման» հասարակական կազմակերպութեան ծրագիրներու պատասխանատու Անահիտ Նազարեանը:

Ամերիկահայ երիտասարդները Հայաստանի սահմանաﬔրձ շրջաններուն մէջ համագործակցելով «Սահման» հասարակական կազմակերպութեան հետ, ֆինանսաւորած են գործարար ծրագիրներ: Բաղանիս համայնքին մէջ «Հայ արծիւներ» հիմնադրամը կ’իրականցնէ 5 գործարար ծրագիր` գործի  դրուած է կարի արտադրամաս, ֆինանսաւորուած են նաեւ ծառայութիւն մատուցող գործարարութեան գաղափարները:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենասէր երիտասարդներուն` ազգանուէր ծրագիր իրականացնելու համար: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Անսահման շնորհակալ եմ որպէս հայ, որպէս պետութեան ներկայացուցիչ: Հայրենիքը սկսւում է սահմանից, սահմանապահ գիւղից: Գիւղը պէտք է ամրացնել: Հսկայական աշխատանք կայ ցանկացած գիւղում: Ձեր շարժումը պէտք է դառնայ համահայկական: Երիտասարդութիւնը նախաձեռնող է, ակտիւ, կազմակերպող: Դուք պէտք դառնաք շարժիչ ուժը, ձեր շուրջը համախմբէք միւսներին: Ես հիացած եմ, հպարտ եմ, որ այսպիսի երիտասարդութիւն է աճում հայրենիքում եւ հայրենիքից դուրս, որ բնակուելով ուրիշ երկրում, Հայրենիքի սահմանների ամրացման խնդրով են մտահոգուած: Հզօր սերունդ է աճում, մենք անմահ ենք, յաւերժ ենք: Մեր գիտելիքներն ու կարողութիւնները անսահման են: Հզօր Հայաստանն է մեր տեսլականը, մեր նպատակը, մեր ապագան, մեր բոլորի երազանքը»:

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան եւ քաջալերանքի համար: Անդրանիկ Պալոյեան ներկայացուց իրենց տպաւորութիւնները, կազմակերպութեան ծրագիրները, հեռանկարներն ու հնարաւորութիւնները:  «Շատ տպաւորուած ենք, գիւղացիներուն հետ զրոյցներէն հասկցանք, որ աշխատելու, իրենց գործն ունենալու հեռանկարը յոյս կ’արթնացնէ վաղուան օրուան նկատմամբ: Գիւղացիներու ոգեւորութենէն ﬔնք նոյնպէս ոգեւորուեցանք: Եթէ նման ծրագիրներ շատ ըլլան, ապա իրավիճակը կրնայ փոխուիլ: Աշխատող մարդոց համար պէտք է հնարաւորութիւն ստեղծել»,-ըսաւ ան:

«Հայ արծիւները» վստահ են, որ տեղեկանալով իրենց ծրագիրներուն մասին, շատերը կը ցանկան համալրել իրենց խումբը:

Scroll Up