Աւագ Եւ Միջին Դպրոցներու Ուսուցիչներու Վերապատրաստման Առաջին Դասընթացքը. «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց-2017
Յուլիս 4-ին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի Հայոց լեզուի եւ պատմութեան, կրթական գործի վերապատրաստման դասընթացքի մասնակից միջին եւ աւագ դպրոցի ուսուցիչներն առաւօտեան դասընթացքը սկսան Երեւանի թիւ 4 հիմնական դպրոցի փոխտնօրէն Լարիսա Մկրտչեանի հետ:
Լարիսա Մկրտչեան ներկայացուց տարբեր դասարաններու համար նախատեսուած կրթական ծրագիրները, անդրադարձաւ հայոց լեզուի քերականութեան տարբեր բաժիններուն: «Գոյականը անցնելուն` երեխաներուն հարցուցէք` որոնք են դասարանին մէջ անձնանիշ գոյականներ, եւ բոլորը ոտքի կը կենան: Եթէ աշակերտը իր ուզած գոյականը չի գտներ, ապա դու՛րս եկէք լսարանի սահմաններէն եւ թո՛յլ տուէք, որ երեխան գտնէ ատոնք իր շրջապատին մէջ,-ըսաւ Լարիսա Մկրտչեան:
Գրականութեան մասին խօսելուն` մասնակիցները յիշեցին շարք մը ստեղծագործութիւններ, միասին արտասանեցին ու երգեցին:
Դանիայէն ժամանած մասնակիցներէն մէկն ալ ըսաւ.«Տիկի՛ն Լարիսա, Դուք այնքան պատկերաւոր ու գեղեցիկ կը բացատրէք ամէն բան, որ ցանկութիւն կ’ունենամ մանուկ դառնալ ու հէնց Ձեր դասարանը յաճախել»:
Երկրորդ դասընթացքը վարեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի դասախօս, մ.գ.թ. Յակոբ Եակուբեան: Այն միտուած էր հայագիտական առարկաներու դասաւանդման ընթացքին քննադատական մտածողութեան զարգացման:
Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ոչինչէն քննադատական մտածողութիւն չի ստեղծուիր, վերջինիս համար կրթական համապատասխան հիմք պէտք է: Իւրաքանչիւրը պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ արտայայտելու իր սեփական կարծիքն ու հաւասարապէս գնահատուելու»:
Վերջին դասընթացքին մասնակիցները հանդիպեցան ԵՊՀ մանկավարժութեան ամպիոնի դասախօս Արմինէ Աշիկեանի հետ եւ քննարկեցին մանկավարժութեան ժամանակակից հիմնախնդիրները:
Նիւթի հեղինակ` ՍԱԴ կամաւոր Սոֆի Թովմասեան