Լիբանանահայ Արուեստաբանը Այցելեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/06/IMG_8579.jpg)
Յունիս 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց լիբանանահայ արուեստաբան, «Noah’s Ark» պատկերասրահի տնօրէն Մովսէս Հերկելեանը:
Սփիւռքի նախարարը կարեւոր նկատեց սփիւռքահայ գործիչի իրականացուցած աշխատանքը հայ մշակոյթի, արուեստի պահպանման, արժեւորման ու տարածման ուղղութեամբ, նշեց, որ իր գործունէութեամբ արուեստաբանը կը նպաստէ հայ մշակոյթի հանրահռչակման:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ «Հայրենիք-Սփիւռք» համահայկական 6-րդ համաժողովի աշխատանքներուն արուեստաբանի մասնակցութեան վերաբերող հարցերուն: Քննարկուեցան յետագայ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:
Մովսէս Հերկելեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ արդիւնաւէտ զրոյցի համար, պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու համաժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն: