ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Պաշտօնական Հանդիպումները Արժանթինի ՄԷջ
Մայիս 29-էն յունիս 2 ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով կը գտնուէր Արժանթին, որուն ծիրէն ներս ունեցած է շարք մը պաշտօնական հանդիպումներ: Յունիս 2-ին նախարարը հանդիպած է Արժանթինի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու եւ մշակութային բազմազանութեան պետական քարտուղար Քլաուտիօ Աւրուխի հետ:
Բարձր գնահատելով Արժանթինի իշխանութիւններուն կողմէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ ստանձնած առաջամարտիկի դերը` Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանգամանալից ներկայացուցած է Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու ընդելուզման ուղղութեամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ կատարուած աշխատանքները, անդրադարձած այդ նպատակով կրթութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու մէջ իրականացուող ծրագիրներուն ու ձեռնարկներուն:
Քլաուտիօ Աւրուխը կարեւոր համարած է Արժանթինի զարգացման գործին մէջ հայ համայնքի դերակատարութիւնը եւ բոլոր բնագաւառներուն մէջ կատարած ներդրումները: Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ առաջին անգամ Թուրքիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած զարգացումներուն հետեւանքով Արժանթին գաղթած են 7 ընտանիք, որոնք հալածուած են կիւլենական շարժման յարելու պատճառով:
Հանդիպման աւարտին Արժանթինի Մարդու իրաւունքներու եւ մշակութային բազմազանութեան պետական քարտուղարը երկրի կառավարութեան անունէն յայտնած է արժանթինական կողմը յանձնառութիւն ստանձնած է` Հայաստանի հետ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ հաւատարիմ մնալու մարդու իրաւունքներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող հարցերուն մէջ որդեգրած իրենց դիրքորոշումներուն:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպում ունեցած է Արժանթին-Հայաստան բարեկամութեան խումբին հետ: Ի թիւս այլ հարցերու քննարկուած է Ղարաբաղի հիմնախնդիրը: Պատգամաւոր Պրենտա Օսթինը ներկայացուցած է ԼՂ սահմանադրական հանրաքուէին մասնակցելու նպատակով Արցախ կատարած իր այցի մանրամասները եւ կարեւոր համարած հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Արժանթին -Հայաստան բարեկամութեան խումբին Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ասպարէզներուն մէջ ունեցած ներդրման համար` Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կը գտնուի մարդու իրաւունքներու հարթութեան վրայ եւ որ Արցախի ժողովուրդն իրաւունք ունի ապրելու իր պատմական հողին վրայ:
Յունիս 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մէկօրեայ այցով մեկնած է Քորտոպա, ուր հանդիպում ունեցած է Քորտոպայի վարչապետ Խուան Քարլոս Մասսէիի եւ քաղաքապետ Ռամոն Խաւիեր Մեստրէի հետ: Երկու հանդիպումներուն ընթացքին ալ զրուցակիցներն արժեւորած են հայ համայնքին դերը, ընդգծած, որ մինչեւ Արժանթինի Հանրապետութեան օրէնսդիր մարմնին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնքի ընդունումը, Քորտոպայի քաղաքային իշխանութիւններուն կողմէ արդէն իսկ ընդունուած էր Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ որոշումը:
Նշելով, որ երկու երկիրներու միջեւ առկայ երկխօսութեան բարձր մակարդակը թոյլ կու տայ աւելի ընդլայնել ու զարգացնել տնտեսական կապերը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը ներկայացուցած է Հայաստանի ներդրումային դաշտի առանձնայատկութիւնները, մրցակցային առաւելութիւնները, գրաւչութիւնն ու նպաստաւոր պայմանները եւ կոչ ըրած առաւել սերտ կապեր հաստատել հայ գործարարներու հետ:
Արժանթին կատարած իր այցին ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարարն այցելած է հայ համայնքային կառոյցներ եւ կրթօճախներ` ներկայացնելով Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներն ու արձանագրած յաջողութիւնները: Հանդիպումներուն արդիւնքով Արժանթինի հայ ուսուցիչներու անցեալին գործած միութիւնը վերսկսած է իր գործունէութիւնը եւ նախագահութիւնը առաջինը ստանձնած է ՀԲԸՄ Մարի Մանուկեան կրթահամալիրի ուսուցիչ Ա. Աշչեան: