Հայրենադարձ Գինեգործի Երազանքը Իրականութիւն Դարձուցին Թոռնիկները

Մայիս 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ «Երեւան Էքսպօ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի մէջ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սփիւռքահայ ներդրողներու արտադրանքներու ցուցահանդէս-վաճառքին կը մասնակցէր ՀՀ Արմաւիրի մարզի Արաքս գիւղի «Ոսկենի» գինեգործական ընկերութիւնը:

«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին գործարանի գինեգործ Արեգ Խոճոյեան նշեց, որ  «Ոսկենի» գինեգործական ընկերութեան ստեղծումը շատ հետաքրքիր պատմութիւն ունի: Իրենց արտադրած գինիներու շիշին վրայ գործարանի տնօրէն Սուսաննա Դաւոյեանի մեծ պապիկի` Սմբատ Մաթեւոսեանի լուսանկարն է, որ տարիներ առաջ ցանկութիւն  ունեցած է Հայաստանի մէջ խաղողի այգիներ ունենալ, զարգացնել հայկական գինեգործութիւնը, հայկական գինին յայտնի դարձնել ամբողջ աշխարհով: Վերջինս 1920-ական թուականներուն, 20 տարի Պոսթընի մէջ ապրելէ ետք, վաճառած է ունեցուածքը եւ վերադարձած Հայաստան: Արմաւիրի շրջանին մէջ հիմնած է խաղողի այգիներ, բայց չէ հասցուցած գինի պատրաստել: 1936 թուականին անոր աքսորած են եւ ամէն ինչ ձեռքէն վերցուցած:

2008 թուականին Սմբատ Մաթեւոսեանի թոռներն ու ծոռները իմանալով այգիներ ունենալու մասին` ՌԴ-էն եկած են Հայաստան, վերագնած են այգիներն ու ընկերութիւն հիմնած` այդպիսով կատարելով իրենց մեծհօր երազանքը:

Գինեգործը ըսաւ նաեւ, որ սպիտակ գինին կը պատրաստուի խաղողի երկու` Ոսկեհատ, Գառան Դմակ, իսկ կարմիր գինին` Արէնի եւ Խնդողնի տեսակներէն: Գինիները կ´արտահանեն ՌԴ, Եւրոպա, այժմ բանակցութիւներ կը վարեն ԱՄՆ-ի մէջ շուկայ դուրս գալու համար:

Գէորգ Չիչեան

7 77

Scroll Up