Հայ Զինուոր, Քեզմէ Կը Սորվինք Հայրենասէր Ըլլալ Եւ Հայութեամբ Պարծենալ. Կը Գրեն Սփիւռքահայ Աշակերտները
Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներու հայկական դպրոցներու աշակերտներ նամակներ յղած են հայ զինուորին: Այդ նամակներուն մէջ անոնք իրենց սրտառուչ ցանկութիւնները կը յայտնեն սահմանին կանգնած զինուորներուն, կը նկարագրեն իրենց պատկերացումները հայրենասիրութեան, հայրենի սահմաններն անառիկ պահելու վերաբերեալ:
ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութենէն, ծրագիրը նախաձեռնած է «Հայ օգնութեան միութիւն» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի կողմէն ՀԿ-ներուն յատկացուող դրամաշնորհի եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի յայտարարած մրցոյթի ծիրէն ներս: «Մենք ուժեղ ենք, երբ միասին ենք» խորագիրով ծրագիրը բաղկացած է քանի մը փուլէ. յաջորդ փուլերուն նախատեսուած են այցելութիւններ Հայաստանի եւ Արցախի զօրամասեր, մարդասիրական աջակցութիւն կը ցուցաբերուի զինուորներուն, հանդիպումներ տեղի կ’ունենան դպրոցներու, համալսարաններու մէջ, ուր մասնագիտական կողմնորոշման ծիրէն ներս կը խօսուի զինուորականի մասնագիտութեան մասին, հանդիպումներ կ´ըլլան քառօրեայ պատերազմի հերոսներուն հետ:
Նշենք, որ նամակներ ստացուած են ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Ֆերահեան ազգային վարժարանի, ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Յովնանեան հայկական, Քուէյթի ազգային, Լիբանանի Համազգայինի Մելքոնեան վարժարաններու, Լիբանանի Հայկ Արսլանեան ճեմարանի, Գանատայի Թորոնթօ քաղաքի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի, Հալէպի «Զաւարեան» վարժարանի, Հալէպի Ազգային «Քարեն Եփփէ» ճեմարանի, Սուրիոյ Ազգային միացեալ վարժարանի, Գանատայի ՀՕՄ-ի Քեմպրիճի «Մեղրի» մասնաճիւղի «Մեսրոպ Թիթիզեան» շաբաթօրեայ, Գանատայի ՀՕՄ-ի Վանքւվըրի «Արազ» շաբաթօրեայ վարժարաններու, Գանատայի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Սարաֆեան» նախակրթարանի, Գանատայի ՀՕՄ-ի Համիլթընի «Արեւ» դպրոցի, Աւստրալիոյ Համազգայինի Սիտնէյի «Թարգմանչաց» շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտներէն: Հալէպի Ազգային «Քարեն Եփփէ» ճեմարանի սան Սեմ Պարմաքզեան նամակին մէջ կը նշէ, որ կը փափաքի` երբ մեծնայ, այսօրուան զինուորին պէս պաշտպան դառնայ` անառիկ պահելով Հայաստանն ու Ղարաբաղը:
Նոյն կրթօճախէն Սարին Պերթիզլեանի համար զինուորն ապահովութեան զգացում է. «Հայ զինուոր, դուն կը յոգնիս, որ մենք հանգստութիւն վայելենք: Բարոյական պարտականութիւն է քեզի յիշելը: Քեզմէ կը սորվինք հայրենասէր ըլլալ, ազատութեան արժէքն իմանալ եւ հայութեամբ պարծենալ: Կը ցանկամ` օր մը անձամբ տեսնել քեզ քու մարտական գործողութիւններուն ընթացքին: Այդ պահը նուիրական է ինծի համար, ուժ ստանալու առիթ»: Իսկ Մարինա Մանուկեանն ալ իր նամակին մէջ կը պատմէ, որ մեր նահատակ զինուորներուն ինք կը փորձէ փնտռել մեր օրերու մարդոց մէջ, տեսնել անոնց հայեացքը, աչքերը, հագուստը: Ի դէպ, «Քարեն Եփփէ» ճեմարանի սաներու հայոց լեզուի ուսուցչուհին Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան թղթակից Մարիա Գաբրիէլեանն է, որ իր նուիրական աշխատանքով երեխաներուն կը փոխանցէ հայրենիքի շունչը: Յառաջիկային ստացուած նամակները պիտի փոխանցուին հասցէատէրերուն: