«Արի Տուն Ծրագիրը Տարիներու Ընթացքին Կենսունակ Դարձաւ». Սերժ Սրապիոնեան
Ապրիլ 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան ներկայացնելով նախարարութեան 2017 թուականի ծրագիրներու իրագործման գործընթացքը` մասնաւորապէս անդրադարձաւ «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրին եւ ըսաւ, որ ապրիլ ամսուն Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի «Ս. Մեսրոպ-Արապեան», Փարիզի «Դպրոցասէր» եւ Մարսէլի «Համազգային» վարժարաններէն Հայաստան ժամանած 66 պատանիներու եւ աղջիկներու հետ իրականացուցած են «Արի տուն»-2017-ը, իսկ ծրագիրի հիմնական մեկնարկը պիտի տրուի յունիս 18-ին` 8 փուլով:
«Այս ծրագիրը շատ կենսունակ դարձաւ եւ տարէցտարի մեծացրեց ոչ միայն աշխարհագրական սահմանները, այլեւ` մասնակիցների թուաքանակը: Սփիւռքահայ երիտասարդների այցելութիւնը Հայաստան, որը նախ եւ առաջ ունի հայրենաճանաչողական բնոյթ, իր դրական հետեւանքներն է թողնում. ծրագրին մասնակցելուց յետոյ սփիւռքահայ երիտասարդները ցանկանում են Հայաստան վերադառնալ: Հարկ է նշել, որ արիտունցիների ստուար զանգուած արդէն հաստատուել է Հայաստանում »,-«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ըսաւ փոխնախարարը` աւելցնելով, որ «Արի տուն»-ը իր նպատակին իսկապէս կը ծառայէ` խթանելով Հայաստան-Սփիւռք, Սփիւռք-Սփիւռք կապերու ամրապնդումը:
Աւելցնենք, որ անցած տարիներուն ընթացքին «Արի տուն» ծրագիրով Հայաստան ժամանած է շուրջ 8000 պատանի եւ աղջիկ:
2017 թուականին կ’ակնկալուի մինչեւ 1000 սփիւռքահայ երիտասարդի այցելութիւնը Հայաստան, որոնք նախ կը հիւրընկալուին հայաստանեան ընտանիքներուն մէջ, ապա իրենց հասակակիցներուն հետ կը մասնակցին «Արի տուն» ճամբարին:
Ուսուցողական դասընթացներու, կրթական, մշակութային եւ այլ ձեռնարկներու մշակումն ու կազմակերպումը, պետական պաշտօնեաներու եւ տարբեր ոլորտներու յայտնի գործիչներու հետ հանդիպումները լրացուցիչ ազդակ կը հանդիսանան ծրագիրի արդիւնաւէտութեան բարձրացման համար: