Մայրութեան Եւ Գեղեցկութեան Տօնին Նուիրուած Ձեռնարկ Սան Փեթերսպուրկի Հայեցի Դաստիարակութեան Կեդրոնին ՄԷջ

Ապրիլ 9-ին Սան Փեթերսպուրկի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կից գործող Լազարեաններու անուան հայեցի դաստիարակութեան կեդրոնի նախադպրոցական դասարանը` Սուսաննա Գաբրիէլեանի գլխաւորութեամբ, կազմակերպած էր «Փոքրիկ հայկազուններ` հայրենիքի եւ մայրիկներու վաղուան պաշտպաններ» խորագիրով ձեռնարկ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Նազիկ Գաբրիէլեան, ձեռնարկը նուիրուած էր մայրիկներուն` Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին  առթիւ: Այն սկսաւ հայրենիքին նուիրուած բանաստեղծութիւններով եւ երգերով, որոնք կը հնչէին մեծ ոգեւորութեամբ: Երեխաներն իրենց բնորոշ անմիջականութեամբ կատարեցին հայրենասիրական երգերը:

Ձեռնարկին ընթացքին փոքրիկ հայկազունները միաժամանակ իրենց ելոյթով յարգանքի տուրք մատուցեցին մէկ տարի առաջ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուածներու յիշատակին: Իսկ ձեռնարկին աւարտին մայրիկներուն նուիրեցին քաղցրահնչուն քառատողեր եւ երգեր:

%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d5%a5%d6%80%d5%a2%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%a31

Scroll Up