ՍՕԽ-ը Կուռ Շարքերով Յիշատակեց Մայրերու Տօնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/03/ԼՕԽ.jpg)
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, Երեքշաբթի 28 Մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած Մայրերու Օրուան հանդիսութիւնը:
Հանդիսավար Մարալ Տիքպիքեան հանդիսութիւնը բաց յայտարարեց` յայտնելով որ ան նուիրուած է Հայ Ազատագրական Շարժման հերոսուհիներուն:
Շրջանային Վարչութեան անդամ Զեփիւռ Գէորգեան արաբերէն բացման խօսքով ըսաւ, որ մանուկին հնչած «մայր» բառը ամբողջական նուիրումի եւ սիրոյ մարմնացումն է, որ անապատն իսկ ջրելու ունակութեամբ օժտուած է:
Շրջանային Վարչութեան անդամ Զեփիւռ Աւագեան հայերէն բացման խօսքով յայտնեց, թէ աւանդական դարձած ՍՕԽ-ի Մայրերու Օրուան տօնակատարութիւնը այս տարի եւս մեզ կը համախմբէ` միասնաբար ոգեկոչելու այն մօր տիպարը, որ ե՛ւ ընտանիքի հոգատարութեան, ե՛ւ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեամբ քալած է միութենականի այս ուղիէն` աւելցնելով, որ պատերազմի օրերուն կնոջական այս կազմակերպութիւնը պարտականութեան ու պարտաւորութեան գիտակցութենէն մղուած իր կարելին ըրաւ հասնելու բոլորին:
Ան երախտագիտական խօսք ուղղեց նախագահ Պաշշար ալ Ասատին եւ Առաջին տիկնոջ, որոնք տեւաբար կը քաջալերեն բարեսիրական միութիւնները:
Արա Մութաֆեան մօր նուիրուած արաբերէն իր ստեղծագործութիւններէն քերթուած մը ասմունքեց:
Հանդիսութեան խորհուրդը զուգահեռ մը գծելն էր մերօրեայ եւ հայ ազատագրական պայքարին մասնակից հայ կնոջ միջեւ:
Հոյլ մը խաչուհիներ` Սեւան Աւագեան, Ժէնի Պօշկեզէնեան, Լիզա Լալէեան, Մարալ Գազէզեան, Թալին Մինասեան եւ Սօսի Փիլաւճեան տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուցին հայ տիպար կիներ, որոնք մասնակցութիւն բերած էին ՀՀ կերտումին, հայ ազատագրական պայքարին, Հայաստանի քաղաքական կեանքին` իրենց երջանկութենէն բարձր դասելով հայ ժողովուրդի փրկութիւնը:
Այնուհետեւ Հայ Օգնութեան Միութեան սուրիահայ մայրերուն նուիրուած խօսքը արտասանեց Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Աննա Տէր Յակոբեան, որ դիտել տուաւ, թէ 6 տարիներու պատերազմական դժուարութիւնները եւ դժբախտութիւնները մեր քաջարի եւ անձնուէր մայրերուն համբերատար աշխատանքով թօթափեցինք ու սուրիահայը մայրական սիրով ու նուիրումով գօտեպնդուած պատնէշի վրայ մնաց: ՍՕԽ-ի աննկուն խաչուհիները նուիրումով լծուեցան նպաստներ բաշխելու փրկարար աշխատանքին` նոյնիսկ ամենավտանգաւոր շրջաններու եւ թաղամասերու մէջ` բարձր պահելով ՀՕՄ-ի անունն ու դրօշը:
Ապա ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Հռիփ Կանանեան Շրջանային Վարչութեան խօսքը արտասանեց` դիտել տալով որ. «Հայ կինը երբեք չէ ստրկացած, հայ օճախը մնացած է սրբութիւն, ուր կինը վայելած է այր մարդուն համահաւասար իրաւունքներ: Հայ կնոջ ազգային քաղաքական կեանքին մասնակցութեան իրաւունքը պաշտօնապէս ճանչցուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան օրէն»:
Անդրադառնալով սուրիահայ մայրերուն ան ըսաւ, որ «Սօսէ Մայրիկին հարազատ հետեւորդները` սուրիահայ մայրերը իրենց ամուսիններուն կողքին պիտի մնան ու մաքառին դժուարութիւններուն դէմ, իսկ խաչուհիները, վեհափառ հայրապետին կոչին ընդառաջելով, պիտի նուիրուին ՍՕԽ-ին` ամէն ջանք ի գործ դնելով վերանորոգելու մեր քանդուած կեդրոնը եւ վերագտնելու մեր երբեմնի բարգաւաճ օրերը»:
Ապա յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան 2017-ի ՍՕԽ-ի «Կանթեղ» շքանշանի արժանացող ընկերուհիները, որոնք մեր գաղութի հասարակական կեանքը աշխուժացուցին իրենց 30 եւ աւելի տարիներու անընդմէջ ծառայութեամբ:
Պարգեւատրուեցան ընկերուհիներ` Մարալ Ազարիկեան, Սօսի Պարոնեան, Հուրի Տիլպէրեան, Պայծիկ Չէրչեան, Այտա Պէրէճիքլեան, Անի Գալտընեան, Անահիտ Հաճեան, Զեփիւռ Մուղալեան, Սեդա Կէրկէրեան, Սեդա Վանէսեան, Սիրուն Թաշճեան, Մայտա Գանտիլեան, Նուարդ Սանոսեան, Մարալ Մանուէլեան, Անի Պօզիաքալեան, Շողիկ Փամփալեան, Անահիտ Սերայտարեան, Մայտա Յովհաննէսեան եւ Սիլվա Քէօսէեան:
Ապա յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան ՍՕԽ-ի շրջանային յանձնախումբերու ատենապետուհիները` ստանալու յանձնախումբերուն նուիրուած գնահատագիրները:
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մարալ Տունկեան, Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու Պար»էն հատուածներ ասմունքելով, իսկ հայրենասիրական երգերու շարքով ելոյթ ունեցաւ Եղիա Քիլէճեան:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, որ նախ շնորհաւորեց մայրերը, մասնաւորաբար Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի նուիրեալ մայրերը, որոնք իրենց ընտանեկան պարտաւորութիւններուն կողքին կը ծառայեն ազգային կեանքին:
Սրբազան հայրը շեշտեց թէ «Այս սրահը կրկին լեցուած է մեր մայրերով եւ քոյրերով, որոնք վկայութիւնն են Սուրիական Հայրենիքի անսասանութեան եւ մեր ժողովուրդի հաւատքին, գոյատեւելու ամէնուրեք` Սուրիոյ մէջ Սուրիական Հայրենիքին համար, Սուրիայէն անդին Հայաստանի համար, Արցախի համար, մասնաւորաբար հայ ազատագրական պայքարի ճանապարհին:
Ազատագրական պայքարի մասնակցիլ չի նշանակեր անպայման ռազմական գործողութիւններու մասնակից դառնալ: Ազատութիւն բառը եւ ազատ ըլլալու գիտակցութիւնը Աստուածատուր շնորհք մըն է, որ մարդ արարածը զայն պահելու պարտաւորութեան տակ կը դնէ: Ազատութիւն ունենալու համար մարդ պիտի պայքարի իր բոլոր հնարաւորութիւններով: Ազատագրական պայքարի մասնակցող հայ մայրերուն վճռակամութիւնը, որ լուսարձակի տակ առնուեցաւ այս ձեռնարկով, ապացուցուեցաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ, Արցախի մէջ, Հայաստանի մէջ, կ՛ապացուցուի ամէնուրեք, ուր իր ազգային կոչումին գիտակից հայ մայր գոյութիւն ունի»:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՍՕԽ-ի քայլերգով եւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով:
Սեւան Աւագեան
Գանձասար