Տեղի Ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Հովանաւորութեամբ Եւ Պատուէրով Հրատարակուած Գիրքերու Շնորհանդէսը

Մարտ 23-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ պատուէրով հրատարակուած գիրքերու շնորհանդէսը, որուն մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ ԿԳՆ գիտութեան պետական կոմիտէի նախագահ Սամուէլ Յարութիւնեան, ԵՊՀ տնօրէն Արամ Սիմոնեան, անուանի գիտնականներ, քաղաքագէտներ, թրքագէտներ, լեզուաբաններ, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ:
«Հայերն այսօր»-իփոխանցմամբ` ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան կարեւոր համարեց սփիւռքի համայնքներու պատմութեան, մշակոյթի, գրականութեան, լեզուի հիմնախնդիրներու գիտական համակողմանի ուսումնասիրութիւնը, որ կը նպաստէ ճիշդ եւ նպատակային իրակակացնելու համար նախարարութեան աշխատանքը, հիմնական ծրագիրները: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ եւ պատիւ ունեմ ողջունել ձեզ այս շնորհանդէսին, որտեղ ներկայացուել է գիտական կառոյցների հետ մեր համատեղ գործունէութեան արդիւնքը: Գիտական այս հետազօտութիւնները կ’օգնեն մեզ` աւելի համակողմանիօրէն եւ խորութեամբ ճանաչել սփիւռքի պատմութիւնը, ծանօթանալ համայնքների առանձնայատկութիւններին, հաշուի առնել առաջարկութիւններն ու եզրակացութիւնները: Ամէն տարի սփիւռքի նախարարութիւնը գիտական հետազօտութիւնների պատուէրներ է տալիս ուսումնասիրութիւնների չորս ուղղութիւններով: Առաջինը` հայկական համայնքների պատմութեան, տեղաշարժերի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններն են, հարցերի երկրորդ խումբը վերաբերում է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման, հատուցման իրաւական խնդիրներին, երրորդը` լեզուի պահպանութեան, զարգացման, հարցերն են եւ չորրորդ ուղղութիւնը` սիրիահայերի խնդիրների կարգաւորման ուղիների հետազօտութիւնները: Սիրով շնորհաւորում եմ բոլորիս եւ շնորհակալ եմ համատեղ աշխատանքի արդիւնքների համար»:
Ներկաները ողջունեց նաեւ ՀՀ ԿԳՆ գիտութեան պետական կոմիտէի նախագահ Սամուէլ Յարութիւնեան: Ան շեշտեց, որ կարեւոր է առաւել արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը նախարարութեան հետ` սփիւռքի գիտական ներուժի յայտնաբերման, սփիւռքի գիտնականներու հետազօտութիւններուն ծանօթանալու եւ անոնց աշխատանքի արդիւնքէն օգտուելու առումով:
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ ԵՊՀ տնօրէն Արամ Սիմոնեան նշեց, որ շնորհանդէսին ներկայացուածները սոսկ գիրքեր չեն, այլ հարցադրումներ ունեցող լուրջ հետազօտութիւններ: Այդ հարցադրումներուն շուրջ տարիներ շարունակ կը վիճեն գիտնականները, ատոնք հետազօտութեան, ուսումնասիրութեան անսպառ աղբիւր են: Եւ դիմելով սփիւռքի նախարարին` ըսաւ. «Այդ առումով շատ եմ կարեւորում այս շնորհանդէսը: Ձեր ղեկավարած կառոյցի աշխատանքը բարձր եմ գնահատում: Շատ մեծ գործ է արուել»:
Ելոյթ ունեցան ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան, պ.գ.դ., փրոֆէսոր, ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ Ալբերտ Խառատեան, ՀՀ ԳԱԱ լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատուալեան, ՀՀ ԳԱԱ Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, ՀՀ ԳԱԱ ինֆորմատիկայի եւ աւտոմատացման փրոպլեմների հիմնարկի գիտաշխատող, ֆիզիկա-մաթեմատիկական գիտութիւններու դոկտոր Էդուարդ Պօղոսեան, ԵՊՀ արեւելագիտութեան բաժանմունքի թիւրքագիտութեան ամպիոնի վարիչ Ալեքսանդր Սաֆարեան, ԵՊՀ Տնտեսագիտութեան եւ կառավարման բաժանմունքի տնօրէն Հայկ Սարգսեան, ԵՊՀ Եւրոպական եւ միջազգային իրաւունքի ամպիոնի դասախօս, ՍԴ խորհրդական Վլադիմիր Վարդանեան, ԵՊՀ հայոց պատմութեան ամպիոնի օգնական, պ.գ.թ. Տիգրան Ղանալանեան:
Ներկայացուեցան «Հայկական համայնքները խորհրդային հանրապետութիւններում 1941-1991 թթ.», «Սիրիահայերի արդի իրաւա-սոցիալական հիմնախնդիրները Հայաստանի Հանրապետութիւնում», «Հայ պարբերական մամուլի պատմութիւն» (1900-1922թթ.), «Գրական արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեան պատմութիւն», «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման ուղիները», «Գրական Սփիւռք-2016. Տարեգիրք», «Գրաբարի ներկայացումը համընդհանուր ցանցային լեզուի բառարանային համակարգում», «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը Թուրքիայի հասարակական-քաղաքական դիսկուրսում», «Սփիւռքի ներդրումային ներուժի բարձրացման ուղիները ՀՀ տնտեսութիւնում», «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքների վերացման իրաւական հիմնախնդիրները», «Ներքին տեղաշարժերը Հայկական սփիւռքում 1950-1980-ական թթ.» աշխատութիւնները:
Ամփոփելով` Սփիւռքի նախարարը նշեց, որ համագործակցութիւնը գիտական կատոյցներուն հետ շարունակական պիտի ըլլայ: