ՀՕՄ-ի Արցախի Մասնաճիւղը Իր Մայրական Սէրն Ու Օրհնանքը Կը Փոխանցէ Սահմանը Պաշտպանող Զինուորին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/03/020317-3-300x225.jpg)
«Ապառաժ» կը հաղորդէ, որ Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի մասնաճիւղը «Այցելութիւն դիրքապահ զինուորին» ծրագիրի ծիրէն ներս այցելած է սահմանագիծ: Այցելութեան համար ընտրուած է խորհրդանշական` Հայրենեաց պաշտպանի օրը:
Հայ Օգնութեան Միութեան անդամները առաջնագիծի վրայ կանգնած զինուորին համար մայրական ջերմութեամբ ու հոգատարութեամբ պատրաստած են տոլմա, աղցան, կրկնեփուկ, գաթա եւ անձամբ հասցուցած զօրամաս ու դիրքեր:
«Ծրագիրը մշտական է, արդէն 5-րդ տարին է Արցախի ՀՕՄ-ուհիները կ՝այցելեն սահմանապահ զինուորին: Բոլոր ուտեստները պատրաստուած են մեր մայրերուն ձեռքերով, տնական են, մեր հոգին ու սէրը դրած ենք, որպէսզի զինուորը այսօր ինքզինք զգայ իր օճախին մէջ»,-ըսած է ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետուհի Կարինէ Թաթայեան եւ աւելցուցած, որ հայ կինը, հայ մայրը, ողջ ժողովուրդը սատար կանգնած են զինուորին, որ պատուով կը կատարէ իր վրայ դրուած պարտականութիւնը:
Արցախի N զօրամասի Անձնակազմին հետ տարուող աշխատանքներուն գծով հրամանատարի տեղակալ Արա Քամալեան նման այցելութիւններուն մէջ առանձնայատուկ ջերմութիւն կը տեսնէ: «Նման պարագաներու ե՛ւ յուզմունք, ե՛ւ հպարտութիւն կ՝ապրինք, որովհետեւ կը զգանք, որ մեր հետ են բոլորը», ընդգծած է ան: «Այսօր ամենակարեւորը մեզի համար դիրքապահ զինուորն է եւ մեր այցելութեան նպատակը նաեւ այն է, որ դիրքապահ զինուորը գիտնայ իր առաքելութեան կարեւորութիւնը», նշած է Ստեփանակերտի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզի տնօրէն Նելլի Ղուլեան:
Ծրագիրը կը կրէ շարունակական բնոյթ եւ ՀՕՄ-ուհիները պատրաստակամ են առաջիկային եւս իրենց մայրական սէրն ու օրհնանքը հասցնելու հայրենիքի պաշտպաններուն:
Փոխադրամիջոցի եւ կազմակերպչական հարցերով կազմակերպութեան օժանդակած է ԼՂՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը: