Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Լիբանանահայ Գործարար Վաչէ Ակոբեանը

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց լիբանանահայ գործարար, «Ռոյալ մեթրօ արմթուր» զբօսաշրջային գործակալութեան սեփականատէր Վաչէ Ակոբեանը:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրը` նախարարը բարձր գնահատեց Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման նպաստող սփիւռքահայ գործարարի նախաձեռնութիւնը, եւ նշեց, որ թէեւ զբօսաշրջիկներու մեծամասնութիւնը սփիւռքահայեր են, սակայն մեծ ընելիքներ կան անոնց առաւել մեծ հատուածներ ներգրաւելու ուղղութեամբ` օգտագործելով տարաբնոյթ ծրագիրներ, քարոզչութեան արդիական միջոցներ, պատշաճ ներկայացնելով Հայաստանի մշակոյթը, բնութիւնը, խոհանոցը եւ այլն:
Վաչէ Ակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ զբօսաշրջային գործակալութեան հիմնական նպատակը Լիբանանէն սփիւռքահայերուն Հայրենիք բերելն է, անոնց խորութեամբ ու բազմակողմանի հայրենիքին ծանօթացնելը:
«Այս գաղափարը ծնուել է, երբ խորհրդային տարիներին ես առաջին անգամ Հայրենիք եկայ մէկ ամսով` Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի կողմից կազմակերպուած ճամբարային ծրագրով»,-աւելցուց ան:
Սփիւռքի նախարարը վստահութիւն յայտնեց, որ նախաձեռնութիւնը մեծ յաջողութիւն պիտի ունենայ եւ օրինակ պիտի ծառայէ բազմաթիւ սփիւռքահայերու համար, որոնք ցանկութիւն եւ հնարաւորութիւն ունին նպաստելու Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման եւ սփիւռքահայերուն հայրենիքին կապելու` բանալով հայրենաճանաչութեան ու հայրենադարձութեան նորանոր արահետներ, նպաստելով երկրի տնտեսութեան զարգացման: