Արժանթինահայ Համայնքը Նշեց Ազգային Եւ Եկեղեցական Տօները.տեսանիւթ

Արժանթինի Հայոց Թեմի Առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ թեմի երիտասարդական միութեան ջանքերով եւ մեծ հանդիսաւորութեամբ տօնախմբուեցաւ Հայոց բանակի կազմաւորման 25-ամեակին, Սուրբ Սարգիսի եւ Տեառնընդառաջի տօները: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ Արժանթինի Հայոց թեմի Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան:
Նախ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ նորապսակ զոյգերու եւ երիտասարդներու օրհնութեան կարգ, ապա հաւատացեալներու ուղեկցութեամբ հոգեւորականներու թափօրը դուրս եկաւ եկեղեցւոյ բակ`վառելու համար աւանդական խարոյկը: Իրենց հրաշալի կատարումներով հանդէս եկան «Մասիս» եւ «Նայիրի» պարախումբերը, ժողովրդական եւ ազգագրական երգերու սիրուած կատարող Էտկարտօ Սարեան: Ձեռնարկին ներկայ էին արժանթինահայ համայնքի տարբեր հաստատութիւններու եւ միութիւններու ղեկավարներ, անդամներ եւ հարիւրաւոր հաւատացեալներ: Աւանդական երգն ու պարը հնչեցնելով` բոլորը շուրջպար բռնեցին եւ միասնաբար շարունակեցին ձեռնարկը մինչ ուշ երեկոյ: Ձեւաւորուած աւանդոյթին համաձայն` կերակուրի վաճառքէն հանգանակուած եւ տարուան ընթացքին քանի մը անհատներու կողմէ նուիրաբերուած փոքրիկ գումարը ամրան պիտի նուիրաբերուի Տաւուշի սահմանամերձ շրջաններու զոհուած որոշ զինծառայողներու ընտանիքներուն: Արարողութեան ընթացքին հաւատացեալներուն բաժնուեցան Սուրբ Սարգիսի եւ Տեառնընդառաջի տօներուն նուիրուած թերթօններ, իսկ նորապսակ զոյգերուն`հոգեւոր գրականութիւն: