Հայոց Բանակի Կազմաւորման 25-ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Ազգային Վարժարանէն Ներս. լուսանկարներ

Կիրակի, 29 Յունուար 2017-ի առաւօտուն, Քուէյթի Ազգային Վարժարանի շրջափակէն ներս տօնուեցաւ Հայոց Բանակի կազմաւորման 25-ամեակը, ներկայութեամբ՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեանի, Քուէյթի մօտ ՀՀ դեսպան տիար Մանուէլ Բադէեանի, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու:
Բացման խօսքը արտասանեց Է կարգի աշակերտուհի Ռեժինա Հինտոյեան: Շնորհաւորելէ ետք ամբողջ հայութիւնը հայոց պանծալի բանակի 25-րդ յոբելեանին առթիւ՝ մէկ առ մէկ բեմ հրաւիրեց գեղարուեստական յայտագիրի մասնակիցները. առաջին հերթին Ը կարգէն Շաղիկ Մովսէսեան մեներգեց «Ախ էն էրկրի» երգը, որուն յաջորդեց «Հայրենի Երկիր» ասմունքը, զոր ներկայացուցին Ե կարգէն խումբ մը աշակերտներ: «Մարտիկի երգը» եւ «Զարթիր Լաօ» շուիի եւ ջութակի վրայ նուագեցին՝ Փաթիլ եւ Յովհաննէս Պօղոսեանները: Գեղարուեստական յայտագիրը եզրափակեցին 6-րդ դասարանի աշակերտները՝ «Մեր անունն է հայկական բանակ» երգով: Այս մասին կը տեղեկանանք վարժարանի դիմատետրի էջէն։

Աշակերտութեան եւ ներկաներուն մարտական ոգին բարձրացուց խումբ մը աշակերտներու կատարած մարզական ձեւերը:

Այնուհետեւ խօսք առաւ վարժարանիս տնօրէն տօքթ. Ներսէս Սարգիսեան: Ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը մեծ զոհողութեան գնով կրցաւ ստեղծել իր սեփական հայրենիքը, որու գոյատեւման երաշխիքը հայկական բանակն ու հայ զինուորն են: Ան շեշտեց, որ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալով նաեւ պարտաւոր ենք ծառայել հայկական բանակին:

Խօսք առաւ նաեւ Քուէյթի մօտ ՀՀ դեսպան տիար Մանուէլ Բադէեան, որ իր հերթին շնորհաւորեց բոլորը պանծալի օրուան առթիւ: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն բարձրագոյն ուսում ստանալ, որովհետեւ հայոց բանակը այսօր կարիք ունի ոչ միայն ֆիզիքապէս պատրաստուած մարտիկներու, այլեւ՝ խելացի ու բանիմաց մասնագէտներու:

Հուսկ՝ Թեմիս Առաջնորդ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան իր հայրական պատգամը փոխանցեց աշակերտութեան, յայտնելով, թէ Հայոց Բանակի տօնը ազգային հպարտութեան, ապահով զգալու եւ վերանորոգման օր է: Ի դիմաց Քուէյթի ամբողջ համայնքին՝ Գերպ. Հայր Սուրբը Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչին յայտնեց Քուէյթի հայ գաղութի համակ պատրաստակամութիւնը՝ կանգնելու հայ զինուորին կողքին եւ անոր հետ միասին պաշտպանելու հայրենի հողը:

Տօնակատարութեան փակումը տեղի ունեցաւ ՀՀ քայլերգով:

%d6%84%d5%b8%d6%82%d5%be%d5%a5%d5%b5%d5%a9%d6%84%d5%b8%d6%82%d5%be%d5%a5%d5%b5%d5%a91 %d6%84%d5%b8%d6%82%d5%be%d5%a5%d5%b5%d5%a92%d6%84%d5%b8%d6%82%d5%be%d5%a5%d5%b5%d5%a93 %d6%84%d5%b8%d6%82%d5%be%d5%a5%d5%b5%d5%a94%d6%84%d5%b8%d6%82%d5%be%d5%a5%d5%b5%d5%a96 %d6%84%d5%b8%d6%82%d5%be%d5%a5%d5%b5%d5%a97

Scroll Up