Պուլկարիոյ Սկաուտները Միացած Են Սփիւռքի Նախարարութեան Շարժումին
Պուլկարիոյ սկաուտները եւ սկաուտներու «Գայլիկներ» փոքրիկներու խումբը միացած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժումին:
Ըստ «Հայերն այսօր»-ի` աւելի վաղ Սկաուտները Փլովտիւի եւ Վառնայի մէջ կազմակերպած են նաեւ դրամահաւաք, որ պէտք է ուղարկեն Հայաստան սուրիայերուն օգնելու նպատակով:
Փլովտիւի ՀՄԸՄ սկաուտներու ղեկավար կազմէն ներկայ էր Սրբուհի Գաբրիէլեան: