Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Այցելեց Փարիզի Մայր Եկեղեցի
Կիրակի 27 Նոյեմբեր 2016-ի կէսօրէ ետք ժամը 3-ին Փարիզի Հայոց Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր եկեղեցի այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան իր շքախումբով։
Ինչպէս «Հայերն այսօր»ին կը յայտնեն Փարիզի առաջնորդարանէն՝ հիւրերը դիմաւորուեցան Մայր եկեղեցւոյ տեսուչ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Սարգսեանի եւ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Պրն. Փաթրիս Ճօլօլեանի կողմէ։
Եկեղեցւոյ մէջ աղօթքի պահէ մը ետք Տիկին Նախարարուհին առիթը ունեցաւ զրուցելու Տէր Հօր եւ Պարոն Ատենապետին հետ։
Տիկին Նախարարուհիի առաջին այցելութիւնը չէր Հայոց Առաջնորդարան։ Ամէն Փարիզ ժամանելուն Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան չի մոռնար այցելելու Փարիզի Մայր Եկեղեցի եւ Առաջնորդարան։