Ահաբեկչութեան Երախին Մէջ Գոյութեան Կռիւ Տուող Հալէպահայերը Խուճապի Չեն Մատնուած

Դեռ 2010-ին Սուրիան ծաղկող, բազմազգ, համերաշ երկիր էր: Հիմա Սուրիան աւերակներու վերածուած է: Ի դէպ` պատերազմի աւարտը տակաւին չէ ուրուածգուած, որ առաւել ծանր կ’անդրադառնայ սուրիական ազգաբնակչութեան, ներառեալ նաեւ տեղի հայերուն վրայ:
Վերջին օրերուն սուրիական ահաբեկչական խմբաւորումներու հրթիռակոծութեան թիրախին մէջ Հալէպի հայաշատ թաղամասերն էին: Հալէպահայ ազգային իշխանութիւնները հայութեան զանգուածային տեղահանման անհրաժեշտութիւն, այնուամենայնիւ, չեն տեսներ:
«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ Առաջին լրատուականի մեկնաբան Աբրահամ Գասպարեանի պատրաստած տեսանիւթը Հալէպի մէջ վերջին օրերուն զարգացումներուն, հայ համայնքէն ներս տիրող տրամադրութիւններուն մասին: