Հռոմի Պապը ԼՂ Խնդրի Դիւանագիտական Կարգաւորման Կողմնակից է. Վատիկանի Ներկայացուցիչի Յայտարարութիւնը Պաքուի Մէջ

Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան` դիւանագիտական ճանապարհով կարգաւորման կողմնակից է:

Այս մասին Պաքուի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Վատիկանի ներկայացուցիչ մոնսինիոր Վլատիմիր Ֆեքէթէն:

Ինչպէս կը նշէ «Թրենտ» գործակալութիւնը, անոր խօսքով` Կաթոլիկ եկեղեցին դէմ է պատերազմին ու կոչ կ՛ընէ նմանօրինակ հակամարտութիւնները լուծել խաղաղ ճանապարհով:

Միեւնոյն ժամանակ, Ֆեքէթէն իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ Կաթոլիկ եկեղեցին չի զբաղիր ԼՂ հակամարտութեան խնդրով:

Հոգեւորականը դժուարացած է յստակ պատասխանել այն հարցին, թէ արդեօք այս թեման պիտի քննարկուի՞ Հռոմի պապի` Պաքու կատարելիք այցի ծիրէն ներս:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ կաթոլիկներու հովուապետի այցը Ատրպէյճան նախանշուած է Հոկտեմբեր 2-ին:

Scroll Up