Սփիւռքահայ Մտաւորականը Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութիւնը Բոլորիս Մտահոգութիւնը Կը Համարէ

«Հայերն այսօր»-ի զրուցակից դոկտոր Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան, որ  Փարիզի  Սորպոնի  համալսարանին մէջ  հոգեբանութիւն եւ լեզուաբանութիւն  կը  դասաւանդէ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի ստեղծումէն ի վեր «Հայոց  լեզուի արագացուած ուսուցում» դասընթացքի սփիւռքահայ մասնակիցներուն իր հեղինակած լսատեսողական արագացուած մեթոտով  արեւմտահայերէն կը սորվեցնէ:

Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան, ծրագիրի ծիրէն ներս  դասաւանդելով օտարախօս զանգուածներուն, հետամուտ կ’ըլլայ  անոնց հայերէնը ոչ միայն դիւրընկալելի դարձնելու, այլեւ սորվելու նկատմամբ հետաքրքրութիւն յառաջացնելու: Ցանկալի արդիւնքին հասնելու համար` ուսումնաօժանդակ տարբեր նիւթեր կ’օգտագործէ եւ մանկավարժական մեթոտներ կը կիրառէ:

«Սփիւռքը օտարախօս հայերով լեցուն է: Ամբողջ հարցը այն է, որ անոնք հայկական միջավայրի մէջ չեն գտնուիր, հայկականութենէն հեռացած են, ուստի անոնց համախմբելու նպատակով մենք պէտք է միջոցներ գտնենք: Ի հարկէ, սա խնդրահարոյց է, բայց անհնարին բան չկայ աշխարհի մէջ»,-ըսաւ  Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան:

Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան ներկայացուց նաեւ իր դիտարկումը, թէ  տարիներու ընթացքին ծրագիրին մէջ ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ  տեղ գտած են եւ թէ ի՞նչ է ծրագիրի մասնակիցներու հետաքրքրութիւններու շրջանակը.«Ամառնային դպրոցին մէջ, ի հարկէ, դրական տեղաշարժ կը նկատուի: Ծրագիրին մէջ բովանդակալից փոփոխութիւններու, կազմակերպչական հարցերու շտկման արդիւնքով` դասընթացներու որակը զգալիօրէն բարձրացած է: Մասնակիցները բանիմաց եւ հետաքրքրասէր են. անոնք գիտելիքներու շտեմարանը հարստացնելու նպատակով ինծի անընդհատ տարաբնոյթ հարցեր կու տան, նոյնիսկ դասամիջոցը օգտագործելով` կը հաւաքուին շուրջս եւ իրենց յուզող թեմաներու մասին կը խօսին: Ռուսաստանի Դաշնութենէն, Վրաստանէն եւ ԱՊՀ միւս երկիրներէն եկած մասնակիցները (չհաշուած դասական Սփիւռքը) կը ցանկան արեւմտահայերէն սորվիլ, որ կը կարծեմ` հրատապ հարց է»:

Պարզ դարձաւ նաեւ, որ բացի արեւմտահայերէն սորվեցնելէն, տիկին Հիլտան դասընթացքի մասնակիցներուն հայոց պատմութեան, հայ գրականութեան մասին տեղեկութիւններ կը հաղորդէ, որպէսզի անոնք քաջատեղեակ ըլլան հայ ժողովուրդի պանծալի էջերու, յաղթանակներու, հայ մեծերու կեանքի եւ գործունէութեան  մասին:

Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան համահայկական նշանակութիւն ունեցող խնդրի` արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան կարեւորութեան մասին խօսելով, հետեւեալը ըսաւ. «Որքան նկատած եմ, Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան մտահոգութիւնը քիչ մը թոյլ է: Համայն հայութեան Հայրենիքը այստեղ է, եւ մենք պէտք է սկսինք Հայաստանէն զարկ տալ արեւմտահայերէնի տարածման: Իմ կարծիքովս, պարտադիր է, որ հայերէնի ուսուցիչները արեւելահայերէնին եւ արեւմտահայերէնին գերազանց տիրապետեն: Արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը բոլորիս մտահոգութիւնն է: Եթէ այսօր ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ն ահազանգ  կը հնչեցնէ արեւմտահայերէնի վտանգուած ըլլալուն մասին, ուրեմն անհրաժեշտ է անհանգստանալ եւ քայլեր ձեռնարկել»,-եզրափակիչ խօսքին մէջ ընդգծեց Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան եւ աւելցուց, որ ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան համար ամբողջ հայ ազգը ոտքի կանգնեցաւ եւ մեծ պատասխանատուութեամբ ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, ապա համանման  ազգային շարժում մըն ալ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան համար  կ’ակնկալեմ»:

 Գէորգ Չիչեան

Scroll Up