Տեղի Ունեցաւ Սփիւռքահայ Դաշնակահար Միքայէլ Հայրապետեանի Մենահամերգը

Օգոստոս 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Գաֆէսչեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակահար, «Հայաստանի գաղտնիքներ» երաժշտական ​​նախագիծի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ​​ղեկավար Միքայէլ Հայրապետեանի մենահամերգը, որուն մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, արուեստագէտներ, հիւրեր:

Միքայէլ Հայրապետեան առաջին անգամ հանդիսատեսի դատին ներկայացուց հայ երգահան Հարօ Ստեփանեանի ստեղծագործութիւնները` իր տաղանդաւոր կատարումներով շլացնելով հանդիսատեսը:

Հնչեցին Հարօ Ստեփանեանի` ժողովրդական բներգներով գրուած մանկական երաժշտութիւն եւ 26 նախերգանք դաշնամուրի համար:

Համերգի աւարտին ելոյթ ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Ան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց տաղանդաւոր դաշնակահարին հայ դասական երաժշտութեան գոհարները աշխարհին ներկայացնելու, հայկական մշակոյթը ճանաչելի դարձնելու համար: Ան մասնաւորապէս նշեց. « Շնորհակալ ենք , որ հանդիսատեսի ուշադրութեանն էք ներկայացնում նաեւ մինչեւ օրս քիչ յայտնի հայ  երգահանների գործերը: Այսօր համաշխարհային պրեմիերա էր, առաջին անգամ ներկայացուեցին Հարօ Ստեփանեանի ստեղծագործութիւնները: Նորանոր բեմեր եւ պրեմիարաներ ենք մաղթում ձեզ: Շնորհակալ ենք այսօր մեզ սքանչացումի պահեր պարգեւելու համար»:

Միքայէլ Հայրապետեան աւարտած է Մոսկուայի Չայկովսկիի անուան պետական ​​երաժշտանոցը եւ ներկայիս կ’ուսանի Մոսկուայի երաժշտանոցի ասպիրանտուրային մէջ, կը զբաղի հայ երաժշտահաններու անարդարացիօրէն մոռցուած ստեղծագործութիւններուն նոր կեանք հաղորդելու եւ հանրային հետաքրքրութիւնը դէպի հայկական դասական երաժշտութիւնը սեւեռելու ազգանուէր գործով:

Միքայէլ Հայրապետեան «Naxos»-ի միջազգային ճանաչում ունեցող արուեստագէտ է, անոր  հայ դասական երաժշտութեան կատարումներու ձայնասկաւառակներուն մասին գրախօսականներ կը գրուին աշխարհի լաւագոյն երաժշտական ​​ամսագիրներու մէջ` «FANFARE», «International Piano», «American Record Guide», «Music Web International» կողմէ:

1 2

Scroll Up