«Այստեղ Ճաշակեցինք Եւ՛ Հոգեւոր Սնունդ, Եւ՛ Համեղ Կերակուրներ. Շնորհակալութի՛ւն». «Արի Տուն-2016»-ի 4-րդ Փուլի Մասնակիցներ

«Հայրենիքիս ժպիտները կը տանիմ հետս». Հայկ Տապաքչեան
«Արի տուն-2016» ծրագիրի ծիրէն ներս մայրաքաղաքի Եղիշէ Չարենցի անուան թիւ 67 հիմնական դպրոցին մէջ հայոց լեզուի դասընթացքի վերջին օրը հանդիսաւոր արարողութիւն էր, որուն ընթացքին 4-րդ փուլի մասնակիցներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին պատմեցին Հայաստանի, Երեւանի , ծրագիրի ծիրէն ներս իրենց այցելած տեսարժան վայրերու եւ հայոց լեզուէն կարճ ժամանակահատուածին ձեռք բերած գիտելիքներուն մասին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին խօսքին եւ զգացումներուն մէջ գերիշխողն անսահման երախտագիտութեան դրսեւրումն էր, որոնցմէ պատառիկներ կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի ընթերցողներու ուշադրութեան:
Վահան Մելոյեան, Վրաստան, Թիֆլիս, 17 տարեկան
-Հայաստան եկած եմ . ես չարենցաւանի մէջ տատիկ ունիմ: Գուցէ կրկնեմ օրեր առաջ եւ այսօր հարցազրոյց տուած ընկերներուս խօսքերը , սակայն ճշմարտութիւնը ատիկա է, որ ես շատ գոհ եմ ծրագիրէն, կ’ողջունեմ այս մտայղացման հեղինակները , կազմակերպիչները: Հաշւուած օրերու ընթացքին տեսանք Հայաստանի պատմամշակութային հիասքանչ արժէքներ, այցելեցինք զօրամաս, ծանօթացանք հայ զինուորի հետ, տեսանք անոր առօրեան, այսօր կ’երթանք Սեւան: Շատ հաւնած եմ Գառնիի հեթանոսական տաճարն ու Գեղարդի հոյակապ վանական համալիրը: Դպրոցէն ներս լրացուցիչ գիտելիքներ ստացանք հայոց լեզուի, հայ գիրերու գիւտի պատմութեան մասին: Հրաշալի օդ ու անկրկնելի ջուր կայ Հայաստանի մէջ, որուն համէն չես յագենար: Գոհ եմ օրուան ընթացքին մատուցուող սնունդէն: Այստեղ ստացանք եւ՛ հոգեւոր սնունդ , եւ՛ համեղ պատրաստուած, մաքուր ուտելիք: Միշտ եւ ամենուրէք կան ու կ’ըլլան դժգոհ մարդիկ, սակայն ես կը կարծեմ, որ ատիկա բնաւորութիւն է, որ կրնայ դրսեւորուիլ նաեւ սեփական ընտանիքի մէջ: Շատ շնորհակալ եմ հիւրընկալ ընտանիքին:
Դաւիթ Ջաղացպանեան, Վրաստան, Նինոծմինտա, 17 տարեկան
-Գոհ ու շնորհակալ եմ, չեմ կրնար շատ խօսիլ եւ չեմ ցանկար, որովհետեւ ընկերներս գրեթէ ամէն ինչ ըսին: Ես քարաթէի «Տօ շոթոկան» մարզաձեւը կը պարապիմ, քանի մը անգամ մրցումներու մասնակցած եմ Հայաստանի մէջ, նուաճած եմ թէ՛ առաջին, թէ՛ 2-րդ, թէ՛ 3-րդ մրցանակային տեղեր: Ամէն ինչ շատ լաւ կազմակերպուած է. գոհ եմ յագեցած առօրեայէն, շատ համեղ ու որակեալ սնունդէն , մատուցման ձեւէն, միայն ցանկալի է, որ միսը կերակրացանկին մէջ շատ ըլլայ, ես մսակեր եմ: Տունն ալ այդպիսին եմ, եւ ատոր պատճառը մարզանքով զբաղիլն է:
Լուիզա Արշակեան, Գերմանիա, 15 տարեկան
-Առաջին անգամ Հայաստան կու գամ, բառեր չեմ գտներ` նկարագրելու իմ զգացածս ու տեսածս: Ինծի համար այստեղ ամէն ինչ նոր է ու հիասքանչ. այնքան շա՜տ է ըսելիքս , որ կը մոլորիմ, կը շփոթիմ…գուցէ աւելի ուշ կարենամ ի մի բերել տպաւորութիւններս եւ գրել այդ մասին: Շնորհակալութիւ՛ն ճակատագրին, որ ինծի հնարաւորութիւն ընձեռեց ծանօթանալու Հայրենիքիս, շնորհակալութիւ՛ն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան:
Հայկ Տապաքչեան, Լիբանան, 17 տարեկան
-Երկրորդ անգամ կու գամ Հայաստան: Ծրագիրին մասին իմացայ դպրոցէն, ուրախ եմ, որ ընդգրկուած եմ այս հիանալի ծրագիրի ծիրին մէջ եւ հայաստանեան ամառը կը վայելեմ: Ազդեցիկ էր ինծի համար Սարդարապատի յուշահամալիրը: Մենք մանկութենէն կը դաստիարակուինք հայրենասիրութեամբ, կը սորվինք Հայրենիքին նուիրուած երգեր ու բանաստեղծութիւններ, կը ծանօթանանք մեր պատմութեան փառաւոր էջերուն: Հեռուէն կ’երազենք Մասիս սարը տեսնելու մասին, իսկ այսօր այդ երազանքը այնքա՜ն մօտ է ինծի: Շնորհակալ եմ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին, իմ Հայրենիքի արեւին ու ջուրին, անուշահամ միրգերուն ու բառերուն, մարդոց, անոնց ժպիտներուն , որոնք պէտք է տանիմ հետս:
Ջուլիետա Սարգսեան, Վրաստան, Թիֆլիս, 16 տարեկան
-Առաջին անգամ կու գամ Հայաստան…լացս կու գայ, չեմ ուզեր երթալ Հայաստանէն : Դաւթեաններու հիւրընկալ ընտանիքը ինծի այնքա՜ն ջերմօրէն ընդունեց իր յարկի ներքոյ, որ կը թուի , թէ տարիներով այդ տան մէջ ապրած եմ, այդ մարդոց ալ վաղուց կը ճանչնամ: Արդէն բարեկամացած ենք, այդ կապը անպայման աւելի կ’ամրանայ ժամանակի ընթացքին. ասոր համար առաջին հերթին պարտական եմ «Արի տուն» ծրագիրին: Այցելած ենք պատմամշակութային տեսարժան վայրեր, եղած ենք զօրամաս, սորված հայոց լեզու, հասցուցած ծանօթանալ այլ երկիրներէ ծրագիրին մասնակցող հայորդիներու հետ: Անթերի սնունդ, կազմակերպուած զբօսանքներ, բովանդակալից դասընթացներ, հաճելի միջավայր….ասկէ աւելի ի՞նչ պէտք է երիտասարդներուն: Շնորհակալութիւ՛ն:
Զրուցեց Կարինէ Աւագեան