«Հայաստան.Ստեղծենք Միասին». Կ’ուզեմ Ներդրում Ունենալ Հայաստանի Զարգացման
Յակոբ Քալանճեան Քալիֆորնիոյ Պերքլի համալսարանի մասնկային եւ բնապահպանական կենսաբանութիւն բաժանմունքի պաքալաւրիատի երրորդ շրջանի ուսանող է:
18-ամեայ Յակոբը ծնած է ԱՄՆ Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ, սակայն երկու տարի Լիբանան ապրած, ապա ընտանիքին հետ կրկին տեղափոխուած Ամերիկա: Ընտանիքի միակ երեխան ըլլալով ` Յակոբի ծնողները անոր միշտ հայկական միջավայրի մէջ պահած են, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթին ծանօթացուցած: Ընտանիքէն ներս Յակոբի մայրենիով խօսիլը` օրակարգային հարց եղած է: Այդ պատճառով ալ ան միայն հայկական դպրոց կը յաճախէ:
Յակոբ այժմ ՀՅԴ ամերիկեան մասնաճիւղի երիտասարդական թեւի անդամներէն է, որուն կազմին մէջ հայապահպանութեան ուղղուած տարբեր ծրագիրներ կ’իրականացնէ` օտարութեան մէջ պահպանելով հայու ինքնութիւնն ու ազգային միասնականութեան գաղափարը:
Անոր արմատները Արեւմտեան Հայաստանի Ուրֆա քաղաքէն է: Մեծ հայրիկը Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներէն եղած է, որ, մազապուրծ ըլլալով թրքական կոտորածէն, հաստատուած է Լիբանան, ապա տեղափոխուած Ամերկայի Միացեալ Նահանգներ:
«Յետագային կը փափաքիմ ատամնաբուժութեամբ զբաղուիլ, սակայն մասնկային գիտութիւնները եւ բնապահպանութիւնը շատ կը հետաքրքրէ զիս. Կ’ուզեմ ուսումնասիրել մարդու մարմնի բջիջներու կառուցուածքն ու այդ ուղղութեամբ հետազօտութիւն կատարել:Ատիկա էր նաեւ այդ մասնագիտութեան մէջ հմտանալու ձգտումս»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Յակոբը:
Սփիւռքահայ երիտասարդի փափաքն է` Ամերիկայի մէջ համալսարան աւարտելէ ետք վերջնականապէս Հայաստան վերադառնալ, որպէսզի աշխատի եւ ներդրում ունենայ իր Հայրենիքի զարգացման համար: Ընկերներուն նոյնպէս խորհուրդ կու տայ իր քայլին հետեւիլ:
«Առաջին հնարաւորութեան պարագային միշտ կը փորձեմ Հայաստան այցելել, քանի որ շատ կը սիրեմ Հայրենիքս: Արդէն ծրագրած եմ` յաջորդ ամառ կրկին գալ: Երեք տարուան բացակայութենէն ետք բաւականին փոփոխութիւններ նկատած եմ յատկապէս Երեւանի մէջ. ուշադրութիւնս գրաւած են նորակառոյց շինութիւնները, թաղամասերն ու ժամանցի վայրերը»,-զրոյցի ընթացքին նշեց Յակոբը եւ աւելցուց, որ երկրորդ անգամ կու գայ Հայաստան:
Յակոբի դիտարկմամբ` Հայաստանի մէջ Տեղեկատուական արուեստաբանութիւններու ոլորտը զարգացած է: Կը դժուարանայ որեւէ ճիւղ առանձնացնել, սակայն կարեւոր կը համարէ «Թումօ» ստեղծարար արուեստաբանութիւններու կեդրոնի ստեղծումը:
Մասնակցելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, «Լոյս» եւ «Այբ» հիմնադրամներուն հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուած «Հայաստան. ստեղծենք միասին» առաջին երիտասարդական հաւաքին, Յակոբ Քալանջեան ըսաւ` հետաքրքիր ժամանակ կ’անցնէ համաժողովի ծիրին մէջ: Նկատած է, որ իրենց համար ամէն ինչ հիանալի կազմակերպուած է:
Յակոբ համալսարանէն ներս եւս պարբերաբար կը մասնակցի համանման ձեռնարկներու, որոնք մասնագիտական յառաջընթացին համար շատ կարեւոր են:
Գէորգ Չիչեան