«Հայաստանը Մարդկութեան Փրկութեան Դուռն է» Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տաթեւ Եպիսկոպոս Յակոբեան
«Քրիստոնէութեան դարպասը Հայաստանն է»
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուած Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ, գիտական բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Գերաշնորհ Տէր Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանի հետ զրուցած է«Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը: Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնենք այդ հարցազրոյցը:
–Բարի գալու՛ստ Հայաստան, Գերաշնորհ Տէ՛ր Տաթեւ, դուք Արցախի մէջ ծաւալուած ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն Հայաստանի, Արցախի մէջ էիք…այս այցելութեան առաքելութիւնը ինչո՞վ պայմանաւորուած է:
-Եկած էի` ներկայ գտնուելու Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի Հայաստան կատարած ուխտագնացութեան:
–Դիւրի՞ն է արդեօք Եւրոպայի մէջ հնագոյններէն մէկը համարուող հայկական համայնքէն ներս պահել, պահպանել հայ ինքնութիւնն ու դարերու ընթացքին այնտեղ ստեղծուած մեր հոգեւոր արժէքները:
-Ռումանիան տարբեր սփիւռք մըն է. այն կազմաւորուած է ոչ թէ Հայոց ցեղասպանութենէն յետոյ, այլ` 1401 թուականին, երբ Ալեքսանտր Պարիի հրովարտակով հիմնուեցաւ Հայոց եպիսկոպոսական աթոռը, այն գլխաւորած է Յովհաննէս եպիսկոպոսը: Մենք հիմք կ’ընդունենք այդ հրովարտակը եւ այդ օրերէն ի վեր արդէն ունինք 42-րդ առաջնորդը: Ցեղասպանութիւն չտեսած ռումանահայ համայնքը աւանդութեամբ, սովորութիւններով կը պահէ Անիի ոգին, այսինքն` թէեւ Անին կործանած է այսօր, սակայն այդ անիականութիւնը կայ ռումանահայոց մէջ: Պէտք է ըսեմ նաեւ, որ սա այն սփիւռքն է, որ, ցաւօք, գրեթէ հայախօս չէ. կրնամ ըսել, որ համայնքի 10%-ը հայախօս է, խառնամուսնութիւնները կը կազմեն գրեթէ 90%: Սակայն մենք շատ մեծ հարստութիւն ունինք` 2 վանք, 16 եկեղեցի, 8 մատուռ, 8 հայկական գերեզմանոց, ( ի դէպ, Ռումանիոյ հայկական գերզմանոցներն անգամ թանգարան են. բոլոր արձաններն ու տապանաքարերը բերուած են Վիեննայէն ), ունինք գրադարան, թանգարան, հարուստ արխիւ` հնատիպ թանկարժէք ձեռագիրներով, « Յովսէփ եւ Վիքթորիա Տուտեան» մշակոյթի կեդրոն, Միսաքեան- Կէսիմեան կիրակնօրեայ դպրոց, Ռումանահայկական առեւտրաարդիւնաբերական պալատ, տպագիր «Արարատ»(Ararat international) ռումանալեզու ամսագիր եւ «Նոր կեանք» հայալեզու եռամսեայ ամսագիր: Ազգային փոքրամասնութիւնները հեռատեսիլով ունին իրենց հեռուստատեսային ժամը, հայերը` նոյնպէս: Թրանսիլվանիոյ մէջ ունինք նաեւ հայ կաթոլիկ եկեղեցիներ, որոնք նոյնպէս ունին իրենց թանգարանը, գրադարանը, արխիւը, եկեղեցիները, գերեզմանոցը:
–Որ ՞ քաղաքներուն մէջ կեդրոնացած են հայերը:
-Ամէնէն շատ ` Պուխարեստի մէջ: Մեր եկեղեցւոյ տոմարներուն մէջ 918 հասցէ ունինք Պուխարեստի, Պոտոշանի մէջ ունինք գրեթէ 50 անձերու հասցէներ, Կոնստանցիայի մէջ գրեթէ 200 հասցէ, բոլոր քաղաքներուն մէջ գրեթէ 40-50 հասցէ ունինք, հայեր կան գրեթէ բոլոր քաղաքներուն մէջ:
–Սրբազա՛ն, Ռումանիոյ մէջ առաւելապէս ո՞ր ոլորտներուն մէջ ներգրաւուած են հայերը:
-Դեռ վաղուց ի վեր հայերը միշտ ալ ներկայանալի եղած են շատ ոլորտներու մէջ: Չմոռնամ յիշատակելու Ռումանիոյ մէջ ծնած Մեծ հայուն` Վազգէն Առաջին Վեհափառին, որ ծնած է Ռումանիա եւ 1943-55 թթ. եղած է Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը:Մշակոյթի շատ գործիչներ ունինք, Պուխարեստի օփերայի վաստակաւոր արուեստագէտներ, միջազգային եւ պետական մրցանակներու դափնեկիրներ, ճարտարապետներ, բժիշկներ, լրագրողներ, ուսուցիչներ…ժամանակին(1992-էն մինչեւ 1998) Ռումանիոյ ծանր արդիւնաբերութեան փոխնախարարը, այնուհետեւ` ելեկտրաարուեստի նախարարը եղած է մեր հայրենակից Վիրճիլ Աքթարեանը, Ռումանիոյ ծանր արդիւնաբերութեան տնօրէնը եղած է ( 2010-ին) Աշոտ Շարաֆեանը: Այսօր հայ փոքրամասնութիւնը Ռումանիոյ խորհրդարանին մէջ կը ներկայացնէ Յարութիւն Փամբուկչեանը, ունինք ծերակուտական` Վարուժան Ոսկանեան, որ 2006 էն 2008 թուականներուն եղած է Ռումանիոյ ֆինանսներու եւ տնտեսութեան նախարարը, Հայոց միութեան նախագահն է եւ Ռումանիոյ գրողներու միութեան փոխնախագահը, բանաստեղծութիւններու եւ պատմուածքներու գիրքերու հեղինակ է:
–Ին՞չ կ’ընէ, ի՞նչ միջոցներ կը ձեռնարկէ եկեղեցին, որպէսզի օտար ափերու վրայ հայերը չմոռնան հայոց լեզուն:
-Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին միշտ հաւատարիմ է իր ուղեգիծին, այն կարծես մայր արծիւ է, որն իր ձագերուն շուրջը կը հաւաքուի, եւ մինչ այսօր ալ Սփիւռքի մէջ շատ յստակ է, որ Հայոց եկեղեցին այդ համաւաք, հայապահպան ուժը ունի, որ երկինքէն ստացած է. ատիկա մարդկային ուժ չէ, այդ ուժը մեզի տուած է 2000-ամեայ քրիստոնէական հաւատքի ուժը:
–Սրբազա՛ն, ըսէք խնդրեմ, ռումանահայ գաղութէն ներս որո՞նք են աւելի հաւատքով` մեծերը՞, երիտասարդները՞…
-Չմոռնանք, որ Ռումանիան 40 տարի շարունակ համայնավարներու ազդեցութեան տակ եղած է եւ բնական է, որ այդ սերունդը Աստուծմէ հեռացած էր. ի հարկէ, հաւատքով ապրողներ ալ եղած են: Ռումանացիները շատ հաւատքով են, նոյնիսկ իրենց Ազգային ժողովին մէջ, ուր նախագահը կը նստի, թիկունքին խաչ կայ: Նոր սերունդը, ապրելով ռումանացի հաւատացեալ քրիստոնեայ հասարակութեան մէջ (ռումանացիները օրթոտոքս են), տեսնելով թէ 20-22 միլիոն ռումանացիները որքան հաւատքով են, եկեղեցասէր, մեր հայ երիտասարդներն ալ զօրաւոր կը դառնան հաւատքի մէջ: Քրիստոնէական հաւատքը անոնց մէջ բնական ձեւով կու գայ:
–Այսօր Ռումանիոյ հայկական համայնքէն ներս ո՞րն է առաջնահերթ լուծման կարիք ունեցող թիւ մէկ խնդիրը:
-Հայախօսութիւ՛նը առաջնահերթ լուծման կարիքը ունեցող խնդիրն է, որովհետեւ հայախօս հայը այլ կերպ կը զգայ հայկականութիւնը: Միւս խնդիրը Հայաստանէն շատ հեռու գտնուող ռումանահայերուն Հայրենիքի հետ կապելն է, Հայաստանի մէջ անոնցմէ քիչերը եղած են. հարկաւոր է, որ անոնք ապրին Հայաստանի մէջ, ճանչնան Հայրենիքը, շփուին հայերու հետ: Երբ սփիւռքահայը կու գայ Հայաստան, տարբեր ըմբռնում կ’ունենայ` շուրջբոլորը տեսնելով հայերու, հայոց լեզուով խօսողներու. ատիկա շատ մեծ ազդեցութիւն կը գործէ, եւ ինքն իրեն աւելի զօրաւոր կը զգայ: Ինքս , երբ ամէն անգամ Հայաստան կու գամ, տեսակ մը ուժ կ’առնեմ:
–Գաղտնիք չէ, որ շատ աղանդներ տարբեր տարիներու ներթափանցած են Հայաստան եւ արմատաւորուած. արդեօք Ռումանիոյ հայկական համայնքին մէջ ալ ատոնք տեղ գտած ե՞ն :
-Ըսեմ, որ Ռումանիոյ մէջ աղանդները չկրցան այդպէս ներթափանցել, արմատաւորուիլ, որովհետեւ ռումանացիները իրենց հաւատքին մէջ շատ ամուր են, լաւ տեղեկացուած են քրիստոնէական հաւատքէն, եւ ամբոջ ժողովուրդը, երկիրը արմատացած հաւատք ունի:
–Սրբազա՛ն, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին օրերուն Դուք եղաք Արցախի մէջ, կանգնեցաք հայ զինուորի կողքին, ատիկա Ձեր սեփական նախաձեռնութիւ՞նն էր:
– Ես միշտ մտածած եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ զինուոր չեմ եղած եւ ցանկացայ ինչ-որ ձեւով այդ օրերուն իմ պարտքս կատարել Հայրենիքիս եւ սեփական նախաձեռնութեամբ 8 օր մնացի Արցախի դիրքերուն մէջ: Կը կարծեմ` ամէն սփիւռքահայու պարտքն է զինուորագրուիլ Հայրենիքին: Եղայ Մարտակերտի, Թալիշի, զինուորական տարբեր ստորաբաժանումներու մէջ. զրուցեցի զինուորներուն հետ, օրհնեցի անոնց, ապրեցայ անոնց օրով, անոնց ապրումներով: Այդ բոլոր զինուորներուն նայելուս` ես կը մտածէի, որ անոնք սովորական մարդիկ չեն, այլ` հրեշտակներ: Անոնց բոլորի հայեացքներուն մէջ ուրիշ լոյս ու մաքրութիւն տեսայ, ինծի կը զարմացնէր անոնց համեստութիւնը. հրասայլ խոցած զինուորը այնպէս կը խօսէր, կարծես բան չէր ըրած:
–Ին՞չ է Ձեզի համար Արցախը` սոսկ աշխարհագարական տարա՞ծք, սահմանամերձ գօտի՞ՙ, զօրութիւններու երկի՞ր:
-Զօրութիւններու՛ երկիր է. ես իմ խօսքիս մէջ յաճախ ըսած եմ , որ «Արցախ» բառին մէջ սրբութիւն կայ, համահաւաք հայկականութեան ոգի, որովհետեւ Սփիւռքի մէջ, երբ կը լսենք Արցախի մասին, բոլորս կը միանանք, կը մոռնանք , թէ որ եկեղեցւոյ, որ կուսակցութեան կը պատկանինք, որ կազմակերպութեան: Կը կարծեմ ` Արցախը միայն հող չէ, այնտեղ կայ Աստուծոյ ներկայութիւնը, եւ ես միշտ կ’ըսեմ, որ այդ պատերազմին միայն մարդիկ չեն, Աստուած ալ մեր մէջ կը պատերազմէր:
–Սրբազա՛ն, շատ եկեղեցիներ ունի ռումանահայ համայնքը, սակայն աւելի շատ կը խօսուի Սուրբ Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մասին, ի՞նչ է գաղտնիքը:
-Այդ եկեղեցին 1915-ին բացուած եւ օծուած առաջին հայկական եկեղեցին է` ներսէն շատ նման է Անիի Մայր տաճարին, դուրսէն` Էջմիածնի Մայր տաճարին: Արմեանսքայա փողոցին մէջ գտնուող Միքայէլ եւ Գաբրիէլ Սուրբ Հրեշտակապետաց հայկական այդ առաջնորդանիստ եկեղեցին կառուցուած է Գրիգորիէ Չերքեզի եւ Տիմիթրիէ Մայմարոլուի նախագիծով: Անշուշտ, Սուչաւայի մէջ գտնուող Հաճկատարի(Հաճոյակատար)Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին ալ շատ սիրուած է ու շատ կարեւոր, որովհետեւ այն միակ վանքն է, ուր կու գան աղօթելու բոլոր հաւատացեալները: Մենք այդ եկեղեցին վերանորոգեցինք Ամերիկա բնակող ռումանահայ Վիքա եւ Յակոբ Գույումճեաններու հովանաւորութեամբ: Այդ վանքը բլուրի վրայ կը գտնուի, եւ ռումանացիները ծունկերու վրայ այնտեղ կը բարձրանան, 3 անգամ կը պտտին եկեղեցւոյ շուրջը, կը մտնեն վանք ու մոմ կը վառեն: Սա անբացատրելի հրաշագործ կարգ է: Յիշատակեմ Զամկա վանքը եւ մնացած բոլոր եկեղեցիները` լոյսի սրբազան տաճարները. ատոնք պէտք է տեսնե՛լ:
–Փոխեմ մեր զրոյցի ուղղուածութիւնը. Սրբազա՛ն, ինչու՞ եւ ինչպէ՞ս որոշեցիք դառնալ հոգեւորական, Ձեր գերդաստանին մէջ եղա՞ծ են հոգեւորականներ:
-Ես ծնած եմ Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մէջ: Արմատներս Սասունէն են: ծնողներս կ’ապրին Հոլանտա: Մենք շատ մեծ գերդաստան ենք, ունեցած ենք հոգեւորական մեր գերդաստանին մէջ: Ես փոքր հասակէս յաճախած եմ եկեղեցի, այդ տարիքիս արդէն կը զգայի, որ եկեղեցին իմ մէջս է, եւ իմ առաքելութիւնս Հայոց եկեղեցւոյ ծառայելն է: Ընտրեցի կուսակրօն ըլլալու աստիճանը` մտածելով, որ ես աւելի շատ կը սիրեմ եկեղեցին, քան` կին ու երեխաներ, ընտանիք: Կրթութիւն ստացած եմ Էջմիածինի մէջ` Վազգէն Վեհափառի օրօք, ծառայած եմ տարբեր երկիրներու մէջ:
–Ին՞չ տպաւորութիւններ ունիք Հռոմի Պապի այցելութենէն:
-Շատ տպաւորուած եմ նախ այն մտքէն, որ ան եկած էր ուխտագնացութեան առաջին քրիստոնէական երկիր` Հայաստան, անոր այցէն յետոյ արդէն շատերը պիտի ցանկան ուխտագնացութեան գալ Հայաստան: Մենք ցոյց տուինք համայն աշխարհին, որ նախ եւ առաջ մենք քրիստոնեայ ենք, որմէ յետոյ կը պատկանինք այս կամ այն եկեղեցւոյ: Մեր նպատակը քրիստոնեաներու միասնակութիւնն է: Շատ տպաւորիչ էր Պապի արտայայտած մօտաւորապէս այսպիսի միտքը, թէ` Հայաստան միջնաբերդն է քրիստոնէութեան: ես յաճախ կ’ըսեմ, որ քրիստոնէութեան դարպասը Հայաստանն է, այդ դարպասը պէտք է զօրաւոր պահել: Միւս ` այնչափ կարեւոր բանը այն էր, որ Պապը հէ՛նց Հայաստանի մէջ արտասանեց «ցեղասպանութիւն» բառը:
– Տեղեկացուած ենք, որ Ձեր առաջնորդարանը Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով գիրք տպագրած է. աւելի կը պատմէ՞ք գիրքին մասին…
-Անշու՛շտ: Մենք տպագրած ենք գեղեցիկ գիրք-ալպոմ մը` եկեղեցւոյ պատմութեամբ` հին ու նոր օրերու լուսանկարներով: Գիրքին մէջ զետեղուած են Վեհափառ Հայրապետի, Ռումանիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքի, Ռումանիոյ նախագահի, ՀՀ սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի, Արտաքին գործոց նախարարին խօսքերը:
– Սրբազա՛ն, եթէ չդառնայիք հոգեւորական, ուրիշ ի՞նչ մասնագիտութիւն կ’ընտրէիք:
-Կը դառնայի զինուորական:
–Տէ ինչ, յարգարժա՛ն Սրբազա՛ն, հոգեւորականն ալ ռազմիկ է եւ ունի պայքարի իր բաժինը այդ դաշտին մէջ. Կը մաղթեմ Ձեզ արգասաբեր գործունէութիւն եւ հաւատքի սերմնացանի առաքելութեան շարունակական ընթացք:
Կարինէ Աւագեան