Պիշքեքի ՄԷջ Սկսած Է ԱՊՀ-ի Կառավարութիւններու Ղեկավարներու Խորհուրդի Նիստը

Ղրղզստանի կառավարութեան` Պիշքեքի մերձակայ «Ալա Արչա» պետական նստավայրին մէջ Յունիս 7-ին սկսած Է ԱՊՀ-ի կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստը, որուն ընթացքին կը ծրագրուի քննարկել քսանէ աւելի փաստաթուղթերու նախագիծեր, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»-ը` յղում ընելով ՌԻԱ Նովոստիին:
Նիստին աշխատանքին կը մասնակցին ԱՊՀ-ի երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները, ներառեալ` ՌԴ վարչապետ Տմիթրի Մետուետեւը, Ղազախստանի վարչապետ Քարիմ Մասիմովը, ինչպէս նաեւ Մոլտովայի, Պելառուսի, Տաճիկստանի եւ Ղրղզստանի վարչապետները: Հայաստանը կը ներկայացնԷ փոխվարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեանը:
Կառավարութիւններու ղեկավարները հանդիպումներ կ’իրականացնեն նեղ եւ ընդլայնուած կազմերով: Պիտի քննարկուին տարբեր բնագաւառներու մէջ Համագործակցութեան երկիրներու գործակցութեան յետագայ ընդլայնման ու խորացման վերաբերող հարցեր: Ատոնց մեծ մասը նուիրուած Է համագործակցութեան տնտեսական ոլորտին:
Կը սպասուի, որ կը քննարկուին ազատ առեւտրի գօտիի գործառման արդիւնաւէտութեան բարձրացման, նորարարութեան համագործակցութեան խորացման, ելեքտրականութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ գործակցութեան զարգացման հարցերը, կը գրէ past.am-ը: