ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/a6cd07170b8698fa5f12d1aec4f9cfca.jpg)
Մեծարգոյ Նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան եւ Սփիւռքի Նախարարութեան
ամբողջ աշխատակազմ Շնորհաւոր 5-Ամեակդ, Սփիւռքի նախարարութիւն:
Ամէն մէկ սփիւռքահայու համար, դռներն ու սիրտը բաց, օճախ Հայրենիքի մէջ: Շնորհաւոր 5-ամեայ վաստակդ, սիրելի´ Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան.
Շնորհակալութիւն մտայղացումներով լի գործունէութեանդ համար, ծրագիրներու փայլուն իրագործմանդ համար, պարզ ու ջերմ, հիւրընկալ ու ազնուաբարոյ էութեանդ համար.
5 տարի՞… դժուար է հաւատալ….
Ընդամէնը 5 տարի եւ այսքան հսկայածաւալ աշխատանք, այսքան բազմազան ծրագիրներու իրականացում, Սփիւռք-հայրենիք կապի այսքան խորացում:
ԱՐԻ ՏՈՒՆ, հա´յ փոքրիկ, մանկութեանդ ամառները Հայրենիքիդ մէջ ապրիր.
ԱՐԻ ՏՈՒՆ, հա´յ պատանի. աշխարհով մէկ սփռուած հասակակիցներուդ հետ
հայրենիքիդ մէջ հանդիպիր, Հայրենիքիդ աստղազարդ գիշերները վայելէ.
ԱՐԻ ՏՈՒՆ, հայ գրո´ղ ու ուսուցի´չ, լրագրո´ղ ու արուեստագէ´տ,
գիտելիքներդ տո´ւր եւ նոր իմացութեամբ վերադարձի´ր.
ԱՐԻ ՏՈՒՆ, աշխարհի տարբեր ծայրերուն մէջ ապրող, սակայն սիրտդ Հայաստանի մէջ պահած հայ.
Դուն այստեղ սպասող ունիս, դուն այստեղ քու դեսպանատունը ունիս, քու խօսքն ու
զրոյցը, քու մտահոգութիւնն ու բողոքը, քու գոհունակութիւնն ու կարօտը
հասկցող ունիս: Այստեղ ուրախ են քեզ տեսնելու, քեզ հետ բարեկամ
դաոնալու:
Սփիւռքահայուն տուն կանչող այսպիսի ջերմութիւն, այսքան սրտանց կանչ,
հիւրընկալութիւնն ալ այնքան մարդամօտ, որ մէկ անգամ եկողը դարձեալ կը վերադառնայ` գալու փափաքով
միայն:
Օրհնուի 5-ամեայ գործունէութիւնդ, Սփիւռքի´ նախարարութիւն, թող յարատեւ
ըլլայ հայրենանուէր գործդ եւ ամէնակարեւորը` շարունակուի այնպիսի ուժ ու
կորովով, ինչպիսին որ այսօր է. քանզի աւելի լաւ գործունէութիւն հնարաւոր
չէ պատկերացնել:
Շնորհակալութիւն
Սիրով եւ լաւագոյն մաղթանքներով`
Կարինէ Քոչարեան
«Սփիւռքի ձայն» հեռուստաալիք, Նիւ Եորք