Բախումներ Գամիշլիի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/12998693_844829358952425_37219591677137630_n.jpg)
<Գանձասարը>փոխանցեց, թէ Գամիշլիի մէջ այսօր բուռն բախումներ տեղի կ՚ունենան զինեալ խմբաւորումներու եւ ինքնապաշտպանական ջոկատներու միջեւ։
Զինեալ խմբաւորումներուն բնակելի թաղամասերուն վրայ արձակած հրթիռներուն հետեւանքով արձանագրուած են վիրաւորներ, զոհեր եւ նիւթական վնասներ։
Զոհուած են Գամիշլիահայ Թովմաս Մինասեանն ու Յակոբ Վազգէն Մանուկեանը։
Սուրիական բանակը կը վերահսկէ կացութեան։