Յանուն Ղարաբաղի Սուրբ Հողին
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը, շրջանի 17 մասնաճիւղերուն եւ իր շրջանային յանձնախումբերուն անունով, խստիւ կը դատապարտէ Արցախի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները, որոնք անկասկած կը վայելեն ոճրագործ Թուրքիոյ բարձր հովանաւորութիւնը:
Արցախը քաջաբար կը դիմադարձէ թշնամիին՝ ամրապնդելով սահմանային իր շրջանները: Արձագանգելով հայրենի մեր կանչին՝ կոչ կ՛ընենք շրջանի ՀՄԸՄի բոլոր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ անդամ-անդամուհիներուն, որ լուրջ աշխատանքի լծուին, օգտակար հանդիսանալու համար Արցախի մեր հայրենակիցներուն եւ սահմանապահ մեր զինուորներուն, որոնք անմիջական մեր աջակցութեան խիստ կարիքը ունին:
Բոլոր նուիրատուութիւնները պիտի կատարուին Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան միջոցաւ: Ելեկտրոնային ցանցով նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել http://ars1910.org/support-for-artsakh հասցէով, իսկ վճարագիրով՝ Armenian Relief Society անունով, 517 W. Glenoaks Ave., Glendale, CA 91202 հասցէին: Անձնապէս նաեւ կարելի է նուիրատուութիւններ կատարել՝ ներկայանալով նոյն հասցէին վրայ գտնուող ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակը:
Արցախը աւելի քան երբեք մեր օժանդակութեան կարիքը ունի, եւ մեր բոլորին պարտականութիւնն է նիւթապէս եւ բարոյապէս թիկունք կանգնիլ Անոր: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, կարելի է հեռաձայնել ՀՄԸՄի եւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեանց գրասենեակները՝ 323-344-4300 եւ 818-500-1343 թիւերուն:
ՀՄԸՄ-Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ