Վիեննայի Հայ Դատի Մարմինը կազմակերպած է բողոքի ցոյց մը ԵԱՀԿ-ի Մինսկի Խումբի ժողովի ընթացքին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/124.jpg)
Վերջին օրերուն Արցախի մէջ կատարուած իրադարձութիւնները դատապարտելու համար, Վիեննայի Հայ Դատի Մարմինը կազմակերպած է բողոքի ցոյց մը ԵԱՀԿ-ի Մինսկի Խումբի ժողովի ընթացքին, վաղը Երեքշաբթի 5 Ապրիլ 2016ի կէսօրէ ետք ժամը 3.30-ին։ Բողոքի ցոյցը տեղի պիտի ունենայ Արցախի հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսկի Խումբի յատուկ եւ արտակարգ ժողովի քննարկման ժամերուն։
Բոլորս, հարազատներ, ընկերներ, բարեկամներ խուռներամ շարքերով ներկայ պիտի ըլլանք սոյն բողոքի ցոյցին առ ի զօրակցութիւն Արցախին, Հայոց բանակին ու Հայ ժողովուրդի անվտանգութեան։
Կը խնդրուի ձեր հետ Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակներ ունենալ։