ՀՀ Նախագահին Հետ Հանդիպելու Պատճառով Թուրք Նախկին Պաշտօնեային Դէմ Հետաքննութիւն Սկսած Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/sur_belediye_baskani_demirbas_tan_basin_3840639_3319_o.jpg)
Թուրք նախկին պաշտօնեային նկատմամբ հետաքննութիւն սկսած է` ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպելու պատճառով: Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական ընդդիմադիր «Cumhuriyet» թերթի կայքը կը տեղեկացնէ, որ Տիարպեքիր քաղաքի Սուր շրջանի նախկին ղեկավար (2004-2014 թուականններ) Ապտուլլահ Տեմիրպաշը մեղադրուած է «առանց կառավարութենէն թոյլտուութիւն ստանալու» ՀՀ նախագահին հետ հանդիպելուն մէջ:
Նշենք, որ Տեմիրպաշը 2015-ի Օգոստոս 4-ին Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով Հայաստան ժամանած թրքական պատուիրակութեան անդամ էր: Պատուիրակութիւնը կազմուած էր Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտական «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» (ԺԺԿ-HDP) ու «Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան» (ԽԺԿ-BDP) ղեկավար ներկայացուցիչներէ:
Յարուցուած հետաքննութեան ծիրէն ներս կազմուած եւ 2016-ի Յունուար 27-ին հրապարակուած տեսչական զեկոյցին մէջ մասնաւորապէս արձանագրուած է, որ Տեմիրպաշը 04.08.2016-ին HDP/BDP պատուիրակութեան հետ Հայաստան մեկնած է եւ հանդիպած ՀՀ նախագահին հետ, որուն համար որպէս պատիժ 3 տարի ժամկէտով պէտք է կասեցնել անոր պաշտօնէական յառաջխաղացումը եւ տուգանել:
Առաջարկուած է նկատողութիւն եւ տուգանք սահմանել համատեղութեան կարգով ուսուցչկան գործունէութիւն ծաւալող Տեմիրպաշի նկատմամբ, քանի որ ան երկրէն դուրս կու գայ իր աշխատավայրը հանդիսացող դպրոցի տնօրէնին առանց տեղեակ պահելու այդ մասին:
Իր պաշտպանական խօսքին մէջ Տեմիրպաշը նշած է, որ Հայաստան մեկնած է ամառնային արձակուրդներու ընթացքին, հետեւաբար դպրոցի տնօրէնին տեղեկացնելու անհրաժեշտութիւն չկար: Ան այս մեղադրանքը որակած է որպէս «ճամբորդելու ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու» ոտնահարում:
Տեմիրպաշը տեղեկացուցած է, որ Սերժ Սարգսեան զինք հրաւիրած էր որպէս Սուր շրջանի նախկին ղեկավար: Ան ընդգծած է, որ ՀՀ նախագահին հետ հանդիպիլը երբեք ալ Թուրքիոյ օրէնսդրութեան համաձայն յանցանք չէ համարուած:
Նախկին պաշտօնեան յայտնած է, որ ինք 3 անգամ հանդիպած է նաեւ Հռոմի Պապի եւ բազմաթիւ անգամ` ԱՄՆ-ի քոնկրէսականներու հետ, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ: Ան շեշտած է, որ ոեւէ պաշտօնատար անձի հետ հանդիպելու վերաբերեալ ոչ մէկ իրաւական սահմանափակում գոյութիւն ունի:
Տեմիրպաշի խօսքով` եթէ իր փաստարկներն ու ինքնապաշտպանութիւնը անհրաժեշտ արդիւնք չտան եւ Թուրքիոյ մէջ իրաւական մարմինները չչեղարկեն իրեն սպառնացող պատիժը, ապա անոր յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ) դիմել