Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ` Փարիզի, Լիոնի Եւ Մարսէլի ՄԷջ

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը Ապրիլ 24-ին Փարիզի, Լիոնի եւ Մարսէլի մէջ պիտի իրականացնէ Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ﬔծ ձեռնարկներ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արէնփրէս»-ը` վկայակոչելով Nouvelles d`Armenie-ն, Փարիզի մէջ արդարութեան երթը պիտի ﬔկնարկէ Կոﬕտասի արձանի մօտէն:
Լիոնի մէջ ձեռնարկը կ’իրականացուի հայկական եկեղեցւոյ շրջակայքին մէջ, իսկ Մարսէլի մէջ` տեղի հայութիւնը 1915 թուականի Ապրիլ 24-ի պողոտայէն երթով կը շարժի դէպի Թուրքիոյ հիւպատոսարանի շէնք:
Փարիզի մէջ ձեռնարկը կը ﬔկնարկէ տեղի ժամանակով 15:30-ին, Լիոնի` 16:00-ին, Մարսէլի մէջ` 11:30-ին: