Կարապետ Գաբիկեանի «Եղեռնապատում Սեբաստիոյ» Գիրքի Ռուսերէն Թարգմանութիւնը

«Արմէնփրէս».– Կարապետ Գաբիկեանի «Եղեռնապատում Փոքուն Հայոց Եւ Նորին Մեծի Մայրաքաղաքին Սեբաստիոյ» գիրքի ռուսերէն թարգմանութիւնը արդէն կատարուած է: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող համառուսական յանձնաժողովի մետալներուն արժանացած հրատարակութեան շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 17 Փետրուարին, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի հին ձեռագիրերու գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ:

Շնորհահանդէսին ընթացքին թարգմանիչը պարգեւատրուեցաւ Մատենադարանի «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց», ինչպէս նաեւ մշակոյթի նախարարութեան «Գրիգոր Նարեկացի» յուշամետալներով: Մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեանի համաձայն՝ Կարապետ Գաբիկեանի գիրքը նշանակալի դեր ունի: «Այն ցաւը, որ փորձում ենք կիսել աշխարհի հետ, դժուար է բառերով արտայայտել: Գրքի արժանիքներից է այն, որ, ի տարբերութիւն միւս յուշագրութիւնների, տեղեկութիւնները չոր չեն, ուսումնասիրութիւնը համեմուած է յուզականութեամբ եւ փաստական տուեալներով: Հեղինակը խոստովանել է, որ չի կարող առանց յոյզերի խօսել տեղի ունեցածի մասին: Այս գրքի յաջողութիւնն ակյայտ դարձաւ, երբ Հայաստանի պատուիրակութիւնը մասնակցեց Մինսկի գրքի միջազգային ցուցահանդէսին. տաղաւար այցելողները յատուկ հետաքրքրութիւն են հանդէս բերել գրքի նկատմամբ: Վստահ եմ՝ հետագայում աւելի երկար կեանք է ունենալու», նշած է Ներսէս Տէր Վարդանեան:

«Եղեռնապատում Փոքուն Հայոց Եւ Նորին Մեծի Մայրաքաղաքին Սեբաստիոյ» գիրքը հրատարակած է «Նայիրի»ն, 2015ին: Խմբագիրը  Սէն Արեւշատեանն է: Գիրքը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, հոն ականատեսի աչքերով ներկայացուած են Փոքր Հայքի, մասնաւորապէս, Սեբաստիոյ հայ բնակչութեան բռնագաղթն ու հայերու ոչնչացման պատմութիւնը: Հեղինակը այդ բռնագաղթէն փրկուածներէն մէկն էր, որ իր տեսածը յանձնած է թուղթին՝ ստեղծելով պատմական մեծ արժէք ունեցող այս գիրքը:

Scroll Up