Հ.Հ.Հ . Մոնթրէալի մասնաճիւղը կառուցած է Արցախի Խանձք գիւղի համայնքային կեդրոնը (տեսանիւթ)

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի (Հ.Հ.Հ.) Մոնթրէալի մասնաճիւղը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը հաստատէ, թէ աւարտին հասցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Խանձք գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցման աշխատանքները։

Կառոյցը պիտի ծառայէ շրջակայ 4 գիւղերուն, ուր պիտի կեդրոնացուին ընկերային զանազան ծառայութիւններ, ինչպէս՝ բժշկական, գիւղատնտեսական, արհեստագիտական եւ  նաեւ՝ որպէս համայնքի հաւաքի կեդրոն:

Scroll Up