Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը աջակցութեան ձեռք կ՛երկարէ

ՍՕԽաչի Շրջ. Վարչութեան նախաձեռնութիւններու շրջագիծէն ներս Երկուշաբթի, 11 Յունուար 2016-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս, ՍՕԽաչի Շրջ. Վարչութիւնը կրկին անգամ շինիչ ու գործնական քայլի մը դիմելով, մեծ թիւով հայ ընտանիքներու, կարգ մը ուսուցիչներու ¢ պաշտօնեաներու փոխանցեց «Ամանորի ծրագիր» վերնատառով Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ փոխանցուած գումարները:
Այսպէս, վերջին երեք ամիսներու ընթացքին, երրորդ անգամ ըլլալով, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը աջակցութեան ձեռք կ՛երկարէ մեր հայորդիներուն, բարերարութեան դերին նկատմամբ իր տածած հաւատքին իբրեւ գործնական արտայայտութիւն:
Ծրագրուած, կազմակերպուած ու հետեւողական աշխատանքի որպէս արդիւնք 350 ընտանիք օգտուեցան «Ամանորի ծրագիր»էն` Քեսապի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի, Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ, ի նպաստ հայ ընտանիքներու բարեկեցութեան: Նախատեսուած գումարները անձնապէս ստացան այն անհատները, որոնք օգտուած չէին վերջին շրջանի երկու հանգրուանով բաժնուած վառելանիւթի գումարներէն:
Այս նպաստաբաշխումը մեծապէս փարատեց կարգ մը ընտանիքներու նիւթական դժուարութիւնները ¢ բեռ մը պակսեցուց մեր հաստատութիւններու ուսերէն:
Տակաւին Նոր Տարուան սեմին դարձեալ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ներդրումով, շուրջ 600 Ազգ. վարժարաններու աշակերտներ, օժտուեցան ձմեռնային տաքուկ զգեստներով, շարունակելով նախորդ տարիներու աւանդութիւնը:
Հալէպի նման հայահոծ գաղութին մէջ ազգային ինքնութիւն ու հայկական պատկանելութիւն պահելը այս օրերուն հրաշքի համազօր է, իսկ միութիւն մը կանգուն պահելը` անսահման զոհողութիւններով հրաշալի գործ:
Յայտնենք, թէ նիւթական նուիրաբաշխումը նախագահեց ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ Աննա Տ. Յակոբեան, որ այսօրինակ հանրօգուտ ծրագիրներու գործադրութիւնը նկատեց մեր շրջանակներու կենսունակութեան նպաստող քայլ:
Այս առիթով ՍՕԽաչի Շրջ. Վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան, անոր ենթակայ միաւորներուն ¢ ազնիւ բարերարներուն, սուրիահայ համայնքին հանդէպ իրենց ուշադիր ¢ հոգատար վերաբերմունքին համար, կարեւորելով յատկապէս վերջին հինգ տարիներուն անոնց բերած ներդրումը եւ համագործակցութեան ամրապնդումը:
Ի Դիմաց
ՍՕԽաչի Շրջանային Վարչութիւն