Ֆրանսա-Լեռնային Ղարաբաղ Բարեկամութեան Խումբը Համալրած Են Ֆրանսացի Նոր Խորհրդարանականներ

Ֆրանսա-Լեռնային Ղարաբաղ բարեկամութեան խումբը համալրուած է նոր 8 անդամներով:
Մասնաւորապէս, խումբի կազմին մէջ ընդգրկուած են Ազգային ժողովին մէջ Սոցիալիստական խմբակցութեան ղեկավար Պրունօ լը Ռուն, նոյն խմբակցութենէն պատգամաւորներ` Ֆրանսուա Տիւմաս, Նաթալի Նիեզոն, Միշէլ Տեստօն, Հիւ Ֆուրաժ, Ֆրանսուա Միշելլամբեր, Ժան Լոնէյ, ինչպէս նաեւ Դեմոկրատներու եւ անկախներու միութեան Ռոն Ալպի տարածքային մարմնի ղեկավար Էմանուէլ Մանտոն: Այսպիսով, Ֆրանսա-ԼՂ բարեկամութեան խումբի անդամներու թիւը դարձած է 48: «Մեր շրջանակը կ’ընդգրկէ Ֆրանսայի գրեթէ բոլոր շրջանները եւ քաղաքական կողմնորոշումներ ներկայացնող անձանց, որոնք կը պաշտպանեն արդարութիւնը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքը: Հէնց ասոր մէջ է մեր գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը», «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` համատեղ յայտարարութեան մէջ նշած են խումբի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուան եւ փոխնախագահներ Ռոշենէ Ռուքէն եւ Կի Թեսիէն:
Ֆրանսուա Ռոշպլուան ողջունելով նոր գործընկերներու քայլը` դրական համարած է գործադիր իշխանութեան մօտ կանգնած պատգամաւորներու ձգտումը` առաւել լաւ տեղեկանալու ղարաբաղեան խնդիրի մասին, որ հնարաւորութիւն կու տայ ֆրանսական քաղաքացիական հասարակութեան մէջ առաւել լաւ ներկայացնել ԼՂ-ին առնչուող հարցերը:
«Գրեթէ 50 անդամներ ունեցող խումբը առաւել ներկայացուցչական է եւ կրնայ ալ աւելի արդիւնաւէտ աշխատիլ ԼՂ, անոր խնդիրները, հիմնարկները առաւել լաւ ճանչնալու գործին մէջ», ըսած են Ռենէ Ռուքէն եւ Կի Թեսիէն: