«Չեմ Գիտեր` Հայաստան Վերադարձայ, Թէ Հայաստանը Ձգեցի Այնտեղ Ու Եկայ». Մկրտիչ Մկրտիչեան

Դեկտեմբեր 17-ին Հալէպի «Գ․ Եսայեան» դահլիճին մէջ մեծ հանդիսութեամբ նշուեցաւ ՀՅԴ 125-ամեակը:

Ձեռնարկին մասնակցելու հրաւէր  ստացած էր նաեւ Արցախեան ազատագրական պայքարի ազատամարտիկ, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ, ռազմահայրենասիրական երգերու մեկնաբան Մկրտիչ Մկրտիչեան(Մակիչ):

«Հայերն այսօրի» հետ զրոյցին ընթացքին երգիչը  կիսուեցաւ իր տպաւորութիւններով: Նշեց, որ մեծ ոգեւորութեամբ վերադարձած է Սուրիայէն, յուզուած է` տեսնելով հալէպահայերու տոկունութիւնն ու փորձութիւններուն դիմակայելու անյաղթ կամքը:

«Պէտք է տեսնէիք, թէ մեր հայրենակիցները ինչպէս ռազմահայրենասիրական երգերու ժամանակ անկոտրում ոգիով կ’երգէին եւ կը պարէին այնպիսի տրամադրութեամբ` կարծես թէ որեւէ բան ալ չէ եղած: Չնայած երկրին մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակին եւ լարուածութեան` սուրիահայերը կը շարունակեն յամառօրէն պայքարիլ իրենց կեանքին եւ համայնքին համար: Մեր զրոյցներուն ընթացքին անոնք ըսին, որ ամէն գինով պիտի պահպանեն Հալէպը, պիտի չի յանձնուին: Հալէպի մէջ ես տխրութենէ կամ յուսահատութենէ խամրած աչքեր չտեսայ: Գացած էի` իմ երգերով ոգեւորելու սուրահայերը,  սակայն, անոնք   ոգեւորեցին զիս. ցնցուած եմ պարզապէս»,-պատմեց Մակիչը:

Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքերով` մարդիկ կը համախմբուին դժուարութեան պահերուն: Հալէպի մէջ մարդոց կ’օգնէ համախմբուելու նաեւ Դաշնակցութեան ակումբները, որոնք հերթապահող խումբեր կազմած` քաջաբար կը պաշտպանեն բնակչութեան անվտանգութիւնը եւ անոնց յոյս կը ներշնչեն:

«Չորրորդ անգամ կ’այցելէի Հալէպ, միշտ այն զգացողութեամբ կը լեցուիմ, որ փոքրիկ Հայաստանի մէջ կը գտնուիմ: Այս այցելութիւնս եւս բացառութիւն չէր, ամէնուր ազնիւ, շիտակ եւ սրտաբաց մարդոց կը հանդիպէի, որոնցմէ դժուարութեամբ բաժնուեցայ: Եւ հիմա չեմ գիտեր` Հայաստան  վերադարձած եմ, թէ Հայաստան ձգեցի այնտեղ ու եկայ»,-ըսաւ երգիչը:

Զրոյցի աւարտին Մկրտիչ Մկրտիչեան աւելցուց, որ տագնապալի այս օրերուն Ամանորեայ շունչը կը թեւածէ նաեւ Հալէպի մէջ: Երգիչը նկատած է, թէ ինչպէս  երեխաները ծնողներուն հետ կը զարդարեն բնակարանն ու բակը այն յոյսով, որ 2016էն սկսած` Հալէպը վերջապէս կ’ապրի երբեմնի խաղաղ, անվտանգ կեանքով:

Scroll Up