Ճատրակի Հայաստանի Տղամարդոց Հաւաքականը Դարձաւ Եւրոպայի Փոխախոյեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/739829.jpg)
Ճատրակի Հայաստանի տղամարդոց հաւաքականը յաղթանակ տարաւ Եւրոպայի առաջնութեան վերջին շրջանին եւ դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:
Առաջնութեան վերջին շրջանին Հայաստանի հաւաքականը կը մրցէր Վրաստանի հետ: Արոնեան առաջին խաղատախտակին յաղթեց մրցակիցին: Ոչ ոքի խաղցան Գաբրիէլ Սարգսեան, Հրանդ Մելքումեան: Վերջին իր խաղը աւարտեց Սերգէյ Մովսիսեան, որ յաղթեց: Հայաստան Վրաստան 31:
Հայաստանի տղամարդոց հաւաքականը հաւաքեց 13 միաւոր եւ դարձաւ Եւրոպայի առաջնութեան արծաթէ մետալակիր: Նոյնքան միաւոր ունէին նաեւ Հունգարիոյ եւ Ֆրանսայի խումբերը, սակայն Հայաստանի ընտրանին գերազանցեց լրացուցիչ միաւորներով: Ճատրակի Եւրոպայի խմբային առաջնութեան ախոյեան դարձաւ Ռուսատանի հաւաքականը: