Նոր Բացայայտումներ Տինքի Սպանութեան Գործով

Պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան պետական ծառայողներու մասնակցութեան գործով հետաքննութիւնը նոր մանրամասներ  բացայայտած է: «CnnTֆrk» լրատուական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ սպանութեան օրը Օկիւն Սամասթը 3 անգամ զանգահարած է հեռախօսային խցիկներէն, որոնք սպանութենէն յետոյ տեղափոխած են: Իսկ հեռախօսազանգերու գրանցումները ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան հետախուզական բաժանմուքի պետ Ռամազան Աքիւրեքը 2011 թուականին ոչնչացուցած էր, որուն հետեւանքով կորած էին նաեւ 2007 թուականի հեռախօսազանգերու արձանագրութիւնները, կը գրէ ermenihaber.am-ը:

Հետաքննութիւնը պարզած է, որ Տրապիզոնի նահանգային ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժինի զինուորական աստիճան ունեցող  աշխատակից մը սպանութեան օրը 08:10-14:20 ժամերուն ընթացքին  5 անգամ երկար հեռախօսազրոյց ունեցած է Տինքի սպանութեան կազմակերպիչներէն մէկուն` Էրհան Թունճելի հետ կապ ունեցող  ոստիկանի մը հետ: Նոյն պաշտօնեան սպանութենէն անմիջապէս յետոյ Սթամպուլի նահանգային ոստիկանութեան 5 աշխատակիցի հետ հեռախօսազրոյց  ունեցած է:

Հեռախօսազրոյցներու եւ տեսախցիկներու արձանագրութիւններու  ուսումնասիրութենէն պարզ դարձած է, որ սպանութեան օրը Սամասթին 6 ոստիկան հետեւած է: Անոնք դէպքի վայրին մէջ  եղած են սպանութենէն առաջ եւ յետոյ` գաղտնի հետեւելով Սամասթին: Պարզուած է, որ ոստիկաններէն մէկը Սթամպուլի նահանգային ոստիկանութեան ենթասպայ է:

Scroll Up