Թուրքիոյ Ֆինանսներու Նախարարութեան Տեսուչները Ստուգումներ Կ’ընեն Հայկական Դպրոցներուն Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/Varjaran.jpg)
Սա հանրապետական Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամն է, որ հայկական դպրոցներուն մէջ նման ստուգմուներ կ’իրականացուին, «Ակօս» շաբաթաթերթի տեղեկացմամբ կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը:
Հայկական դպրոցները տնտեսվարող կառոյց ճանչնալու հարցը օրակարգ եկած էր դեռեւս Մարտ ամսուն: Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը գրութիւն ուղարկած էր հայկական դպրոցներուն, տեղեկացնելով, որ ընտանիքներէն նուիրատուութիւններ ստանալու պարագային դպրոցները կը համարուին տնտեսվարող կառոյց ու ենթակայ կ’ըլլան հարկումներու:
Այս կապակցութեամբ «Հիմնադրամներու միջեւ համերաշխութեան եւ կապերու փլաթֆորմի» (VADİP) ֆինանսական հարցերու համակարգող Մասիս Եօնթան, միջազգային հարկային իրաւունքի մասնագէտ Արեգ Ֆերահեան, կրթութեան յանձնաժողովի անդամները հանդիպած են իրաւաբաններ Սեպու Ասլանկիլի եւ Օմեր Քանթիքի հետ: VADİP գլխաւոր քարտուղար Յարութիւն Շանլըն յայտնած է, որ հանդիպումը բաւականին արդիւնաւէտ անցած է` քննարկուած են հարցի վերաբերեալ բոլոր տեսակէտները:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիոյ նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն անմիջապէս յետոյ հանդիպում պիտի պահանջեն ֆինանսներու եւ կրթութեան նորանշանակ նախարարներուն հետ:
«Իրաւաբաններէն եւ խորհրդականներէն կազմուած պատուիրակութեան այցէն յետոյ կը սպասենք արդիւնքներուն: Եթէ տնտեսվարող դպրոցին պատճառով խնդիրը փակուղի մտնէ, մենք իրաւական պայքարի մէջ կը մտնենք»,- ըսած է Շանլըն:
Վերջինս յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ հանրակրթութեան մասին N5580 օրէնքին մէջ ընդգծուած է, որ hայկական դպրոցները ոչ թէ մասնաւոր, այլ ազգային փոքրամասնութեան դպրոցներ են: Ըստ Շանլըի` այս օրէնքը պիտի ըլլայ իրենց ամենակարեւոր փաստարկը հնարաւոր իրաւական գործընթացին ժամանակ: